Որոնել

Cardinale-Mario-Grech.png

Սուրբ Կոյս Մարիամը լոյս է քալող Եկեղեցւոյ համար. Կարդինալ Կրէք

«Ժողովրդական կրօնականութիւնը, երթերը, հանդիպման պահերը խոր նշանակութիւն ունին, քանի որ կը սնին համայնք, Աստուծոյ ժողովուրդ ըլլալու այս զգացումը, որոնք միասին կը քալեն»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակ երթը և սուրբ վարդարանի աղօթքը, որ պիտի կայանայ շաբաթ օր՝ 27 մայիսին, չորրորդ և վերջին հանդիպումն է նուիրուած Սուրբ Կոյս Մարիամին: Այս անգամ աղօթքը պիտի նախագահէ Պետական Քարտուղարութեան տեղակալ` Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փարրան:

Հետզհետէ աճող մասնակցութիւն

Եպիսկոպոսներու Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղար՝ Կարդինալ Մարիօ Կրէքը, որ նախագահած էր նախորդ շաբաթ օրուան աղօթքին, իր տպաւորութիւնները կիսած է Վատիկան Նիուզին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին. «Խորհրդանշական պահ էր» տեսնել այսքան շատ անձեր՝ հաւաքուած աղօթելու Տիրամօր շուրջը: «Մարիամն այսօր ալ լոյսի սիւն է քալող Եկեղեցւոյ համար», նշած է Ան:

Կարդինալ Կրէքը, ապա նկատել տուած է, որ հարկաւոր է խորհրդածել հետզհետէ աճող այդ մասնակցութեան շուրջ եւ հաստատած, որ «ժողովրդական կրօնականութիւնը, երթերը, հանդիպման պահերը խոր նշանակութիւն ունին, քանի որ կը սնին համայնքի, Աստուծոյ ժողովուրդ ըլլալու այս զգացումը, որոնք միասին կը քալեն»:

Աղօթքներ ողջ աշխարհի մէջ

Անորմէ կը տեղեկանանք նաեւ, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի՝ Տիրամօրն ուղղած խաղաղութեան համար աղօթքները զօրացնելու խնդրանքի ծիրէն ներս, Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը վերջին ամիսներուն կապ հաստատած է աշխարհի բոլոր թեմերուն հետ՝ հրաւիրելով Սուրբ Մարիամին նուիրուած սրբավայրերու մէջ աղօթքի պահեր կազմակերպել Տիրամօր նուիրուած մայիս ամսուայ ընթացքին, ու ստացած է խանդավառ արձագանք:

Սինոդի նախապատրաստութիւնը

Եպիսկոպոսներու Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարը խօսած է նաև Սրբազան Քահանայապետին հետ անցեալ 22 մայիսին իր վերջին հանդիպումի մասին, ընդգծելով, որ. «Ինչպէս միշտ, Ֆրանչիսկոս Պապը շատ ուշադիր կը հետեւի նախապատրաստական քայլերուն, որ կը կատարենք Սինոտին ընդառաջ»:

 

2023ի 4 Հոկտեմբերին նախատեսուած է Եպիսկոպոսներու Ժողովի բացումը, որուն 30 Սեպտեմբերին պիտի կանխէ համամիութենական աղօթքի հսկում Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ: Բացի այդ, «քանի մը օրէն արդեն լոյս պիտի տեսնէ Սիւնհոդոսկանութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի «Instrumentum laboris – աշխատանքային թղթածրար»-ը, տեղեկացուցած է ի վերջոյ Կարդինալ Մարիօ Կրէքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2023, 08:43