Որոնել

2022.11.22 Caritas Internationalis

«Եղբայրութեան նոր ուղիներու կառուցում»

Մայիսի 11էն Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ Caritas Internationalisի Գլխաւոր Ժողովը՝ աւելի քան 150 երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 11 Մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ կայանալիք հանդիպումով Հռոմի մէջ բացումը պիտի կատարուի Caritas Internationalis-ի 22րդ Գլխաւոր Ժողովին, որուն կը նախատեսուի շուրջ 400 պատուիրակներու մասնակցութիւնը՝ աշխարհի 200 երկիրներու եւ տարածքներու մէջ գործող Քարիթասի 162 կազմակերպութիւններէն:

Միջազգային Քարիթասի Գլխաւոր Ժողովը կը գումարուի չորս տարին մէկ անգամ՝ Կազմակերպութեան վերնախաւի հերթական ընտրութիւններու նպատակով։ 2023ին Մայիսի 11էն 16ը անցկացուելիք Ժողովի՝ «Եղբայրութեան նոր ուղիներու կառուցում» բնաբանը կրող նիւթը, ոգեշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապի «Fratelli Tutti» շրջաբերական նամակէն։

Ժողովին ելոյթներով պիտի մասնակցին ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր՝ «Համաշխարհային մարտահրաւէրները եւ Քարիթասի դերը» նիւթին շուրջ, ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսներու Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէքը եւ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան Քարտուղար Քոյր Ալեսսանտրա Զմերիլին՝ սիւնհոդոսականութեան և եղբայրական համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2023, 12:35