Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովի անդամները  (Vatican Media)

Անչափահասներու պաշտպանութիւն. նոր ռազմավարութիւններ չարաշահումներու դէմ

Անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովի հաղորդագրութիւնը տարեկան ընդհանուր նիստի վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վերջ գտաւ անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովի տարեկան ընդհանուր ժողովը, որ գումարուեցաւ 3էն-6 մայիս, «Մաֆէի-Մարեսքոթթի» անուան պալատէն ներս։

Քահանայապետական անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնաժողովի ընդհանուր ժողովին մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք,
որ ուրբաթ, 5 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպելով անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբի անդամներու հետ ողջունած է յանձնաժողովի նոր անդամները ու բոլոր անոնց որոնք կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ անգամ մը եւս շեշտած է որ սեռային չարաշահումի տագնապը ծանր յարուած մըն է եկեղեցւոյ դէմ, որովհետեւ կը խաթարէ Աստուծոյ ազատարար ներկայութիւնը լիուլի վկայելու եւ ողջագուրելու կարողութիւնը։ « Այդ չարիքը կանգնեցնելու ու անոր զոհերուն օգնելու համար համարժէք գործելու ձախողութիւնը բծաւորեց Աստուծոյ սիրոյ մեր վկայութիւնը» ըսած է Սրբազան Հայրը։

Հանդիպումի ընթացքի Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերած է շարունակելու եւ գործելու բարելաւելու համար եկեղեցւոյ ծառայողներուն վարքագիծի ուղեցոյցներն ու չափանիշերը, պաշտպանելու համար եկեղեցին սեռային չարաշահումներէն։

Ողջունելով Ֆրանչիսկոս Պապին Vos estis lux հրամանագիրի խօսքերը, որպէս մշտական օրէնքը, ընդհանուր նիստի ընթացքին ընդունուած են տարբեր որոշումներ, որոնց շարքին Եկեղեցւոյ ուղեցոյցներու թարմացումը, որ առաջին անգամուան համար յայտարարուած էին այն ժամանակուան Հաւատքի վարդապետութեան ժողովի կողմէ։

Անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք նաեւ յանձնաժողովի նախագահ, կարդինալ Սին Օմալէյի պատգամը, որուն մէջ կարդինալը կը յայտնէ թէ յանձնաժողովը ամէն ջանք կը թափէ իրականացնելու համար Պապին առաջարկները ու կը որոնեն անհրաժեշտ միջոցները համարժէք օրէն արձագանգելու համար ու վստահ են իրենց կողմէ սահմանուած ծրագիրէն ինչպէս նաեւ իրենց հետ աշխատող անձերէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2023, 13:19