Որոնել

2023.05.22 Logo Congresso Eucaristico Internazionale Quito

Քիթօ քաղաքը՝ Սուրբ Հաղորդութեան համընդհանուր վայր

2024 թուականի սեպտեմբերի 8էն 15ը Էքուատորի Քիթօ քաղաքին մէջ պիտի կայանայ Սուրբ Հաղորդութեան 53րդ Միջազգային գիտաժողովը՝ «Եղբայրութիւն՝ բուժելու համար աշխարհը» բնաբանով
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 22 Մայիսին, Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային համագումարներու կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածեց, որմէ կը տեղեկանանք, որ 2024 թուականի սեպտեմբերի 8էն 15ը Էքուատորի մայրաքաղաք Քիթոյի մէջ պիտի կայանայ Սուրբ Հաղորդութեան 53րդ Միջազգային գիտաժողովը (Congresso Eucaristico Internazionale - IEC2024), որ պիտի իր աւարտը գտնէ «statio orbis»-ի աղօթքով:

Գիտաժողովի նիւթն է «Fraternidad para sanar el mundo - Եղբայրութիւն՝ բուժելու համար աշխարհը », որ ոգեշնչուած է Մատթէոսի Աւետարանի «Դուք բոլորդ ալ եղբայրներ էք» (23:8) խօսքէն եւ կը յիշեցնէ Եկեղեցւոյ ներկայիս սիւնհոդոսական փորձառութիւնը, կոչուած դառնալու ընդհանուր պատկանելութեամբ եղբայրական ընդգրկուն եւ հիւրընկալ վայր:

Կոմիտէն մանրամասնած է Գիտաժողովի տարբերանշանը

1. Քրիստոսի Խաչը: Խաչելութիւնը Յարուցեալն է, որ գրկաբաց կ՛ընդունի բոլորին՝ որպէս Հօր հետ հաշտուած եղբայրներ:

2. Քրիստոսի բաց սիրտը խաչի վրայ՝ որպէս կեանքի եւ հաշտութեան աղբիւր, որ կը բուժէ ատելութեան, թշնամանքի բռնութեան եւ մահուան բաց վէրքերը

3. Նշխարը, որ հաղորդութիւնն է եւ ողջ քրիստոնէական կեանքի բարձրագոյն կէտը եւ աղբիւրը: Հաղորդութեան տօնը բոլորին կը միաւորէ նոյն սեղանի, կենդանի հացի շուրջը՝ որպէս նոյն հօր զաւակներ:

4. Քիթոն որպէս զրոյական լայնութեան վրայ գտնուող, այսինքն՝ աշխարհի կեդրոն հանդիսացող քաղաք, կը վերածուի Սուրբ Հաղորդութեան քաղաքի՝ հրաւիրելով բոլորը մասնակցելու Քրիստոսի կատարեալ սիրով փրկագործուած եւ բժշկուած եղբայրութեան մեծ երազանքին:

Տեղեկութիւններն ու նորութիւնները արդեն հասանելի են www.iec2024.ec www.congressieucaristici.va կայքէջերուն վրայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2023, 12:25