Որոնել

2025  Յոբելենական տարւոյն միջոցառումներու ներկայացումը 2025 Յոբելենական տարւոյն միջոցառումներու ներկայացումը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

2023ի աշնանը պատրաստ պիտի ըլլայ iubilaeum2025 հարթակը, որու միջոցաւ հնարաւոր է ձեռք բերել «Ուխտաւորի քարտը»

Սուրբ Աթոռի Աւետարանումի Վերատեսչութեան Մամլոյ ասուլիսը այսօր նուիրուած էր 2025 թուականի Յոբելենական տարւոյն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Այսօր՝ 9 մայիսին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի մէջ՝ մասնակցութեամբ Աւետարանումի Վերատեսչութեան Համավերատեսուչ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի եւ Ենթաքարտուղար` Գերապայծառ Կրահամ Պելի, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս՝ նուիրուած 2025 թուականի Յոբելենական տարւոյն, որու ընթացքին մանրամասն անդրադարձ կատարուեցաւ անոր նախապատրաստական աշխատանքներուն՝ կանգ առնելով յատկապէս նշանաւոր փուլերուն վրայ։

Նշուեցաւ, որ ներգրաւուած են չորս կազմակերպչական Յանձնաժողովներ, որոնք կը համախմբեն Իտալիոյ թեմերու պատուիրակները և Եպիսկոպոսներու միջազգային համահաւաք դասի ներկայացուցիչները։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ 11 փետրուար 2022ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իրեն, որ այդ ժամանակ կը ներկայացներ Նոր Աւետարանութեան խթանման Քահանայապետական​​ Խորհուրդը, յանձնարարեց նախապատրաստել և տօնախմբել 2025 թուականի ընթացիկ յոբելեանը:

Ան ապա շեշտեց, որ Սուրբ Աթոռը անմիջապէս գործի անցնելով եւ համագործակցելով իտալական իրաւասու մարմիններուն հետ, առաջարկած է որոշ նախագծեր՝ դիւրացնելու համար այդ առիթով Հռոմ նախատեսուող միլիոնաւոր ուխտաւորներու ընդունելութիւնը:

Աւետարանումի Վերատեսչութեան Համավերատեսուչը ընդգծեց ապա, որ Ֆրանչիսկոս Պապի խնդրանքով Յոբելենական Տարւոյն ընդառաջ՝ 2023ը նուիրուած է Վատիկանի Տիեզերական Երկրորդ Ժողովի չորս սահմանադրութիւններու վերաբացայայտումին՝ անոր աշխատանքներու 60ամեակին առթիւ։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ անցեալ տարուան դեկտեմբերին Վերատեսչութեան կողմէ հրատարակուած «Տիեզերական Ժողովի գրքոյկներ»՝ 35 փոքրիկ հատորներուն, որոնց նպատակն է` օգնել տեղական Եկեղեցիներուն դասախօսութիւններու եւ քրիստոնէական վարդապետութեան ձևաւորման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն ընձեռելու երիտասարդներուն ծանօթանալու և վերաբացայայտելու Ժողովի կեդրոնական բովանդակութիւնը:

Մինչդեռ 2024 թուականը՝ կրկին Սրբազան Քահանայապետի խնդրանքով, պիտի նուիրուի Աղօթքին։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուեցաւ նաեւ, որ վաղը՝ 10 Մայիսէն, հասանելի պիտի ըլլայ www.iubilaeum2025.va կայքը համալրուած որոշ բաժիններով եւ ինը լեզուներով։

Մինչդեռ ընթացիկ տարուայ աշնանը պատրաստ պիտի ըլլան iubilaeum2025 հարթակը եւ Յոբելեանի սոցիալական ցանցերը ուխտաւորներու համար, որոնց միջոցաւ հնարաւոր է գրանցուիլ և ձեռք բերել «Ուխտաւորի քարտը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2023, 11:34