Որոնել

2023.05.14 Caritas presidente Mons. Isao Kikuchi Radio Vaticana

Գերապայծառ Թարչիզիուս Իզաօ Քիքուչին ընտրուեցաւ Միջազգային Քարիթասի 13րդ նախագահ

Գերապայծառ Քիքուչի 1995էն ի վեր մաս կազմած է Քարիթասին ու իր ծառայութիւնը մատուցած է ստանձնելով զանազան պաշտօններ, վարելով նաեւ Ճափոնի Քարիթասի նախագահի պաշտօնը 2007էն մինչեւ 2022 եւ մաս կազմելով Միջազգային Քարիթասի ներկայացուցչական խորհուրդին` 2011էն 2019։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 13 Մայիսին Հռոմի մէջ գումարուած «Caritas Internationalis»ի 22րդ լիագումար նիստի ընթացքին Միջազգային Քարիթասի չորս հարիւրէ աւելի ժողովականները, որպէս չորս տարուայ տեւողութեամբ Միջազգային Քարիթասի 13րդ նախագահ ընտրեցին գերապայծառ Թարչիզիուս Իզաօ Քիքուչին` Թոքիոյի Արքեպիսկոպոսը, Ճափոնի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ, ինչպէս նաեւ Ասիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու դաշնութեան քարտուղար։

Գերապայծառ Քիքուչի 1995էն ի վեր մաս կազմած է Քարիթասին ու իր ծառայութիւնը մատուցած է ստանձնելով զանազան պաշտօններ, վարելով նաեւ Ճափոնի Քարիթասի նախագահի պաշտօնը 2007էն մինչեւ 2022 եւ մաս կազմելով Միջազգային Քարիթասի ներկայացուցչական խորհուրդին` 2011էն 2019։

«Քարիթասը պէտք է առաջնագիծի վրայ ըլլայ` աղքատներն ու խոցելիները ընկալելու, առաջնորդելու, անոնց ծառայելու եւ պաշտպանելու համար» ըսաւ Գերապայծառ Քիքուքին ուրբաթ 12 մայիսին ունեցած իր ելոյթին մէջ հաստատելով` որ «այս առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ Համադաշնութեան անդամներուն ուշադրութեան կենտրոն» եւ աւելցնելով թէ պիտի ուզէր «ինք` գլխաւոր քարտուղարի հետ միասին» ըլլալ «ան որ պիտի ղեկավարէ կազմակերպութիւնը, Եկեղեցւոյ այս կարևոր առաքելութիւնը կատարելու համար»: «Մենք բոլորս հրաւիրուած ենք միասին քայլելու» ըսած էր ապա Գերապայծառ Քիքուչին։

Նշենք թէ Ան ծնած է Իվաթէի մէջ` մէկ նոյեմբեր 1958ին Քահանայ ձեռնադրուած է 15 մարտ 1986ին ու որպէս միսիոներ ծառայած է Ափրիկեան երկիր` Ղանայի մէջ։ Ան եպիսկոպոսական օծումը ստացած է 2004 թուականին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2023, 08:00