Որոնել

Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր 

Գերապայծառ Կալլակեր. «Զօրակցութիւնը դէպի խաղաղութիւն տանող առանձնաշնորհեալ ուղի է»

Արք. Փոլ Ռիչարտ կալլակերի ելոյթը Պրաթիսլավայի մէջ գումարուած միջազգային անվտանգութեան նուիրուած վեհաժողովի ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 29 մայիսին, Պրաթիսլավայի մէջ, միջազգային անվտանգութեան մասին գումարուած վեհաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Արք. Փոլ Ռիչարտ կալլակեր։

Ելոյթին սկիզբը Գերապայծառ Կալլակեր իր հոգեւորական մօտիկութիւնը յայտնեց Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն տուժած բոլոր անձերուն, յիշելով նաեւ  պատերազմէն, կլիմայի փոփոխութենէն, տնտեսական տագնապներէն ամենէն շատ տուժուած ու արտակարգ իրավիճակի ցանկին զեկոյցին մէջ նշուող հինգ երկիրները՝ Սոմալիան, Աֆղանիստանը, Քոնկոյի եւ Եմենի ժողովրդական հանրապետութիւնները։

Գերապայծառ Փոլ Կալլակերի ելոյթի առանցքը հանդիսացաւ այն գաղափարը, որ համայն մարդիկը փոխկապակցուած են ու ամբողջութեան իւրաքանչիւր փոքրիկ մասը էական է ամբողջ համակարգի գոյատեւման եւ ներդաշնակութեան համար։

«Եւրոպան, որպէս ցամաքամաս, թերեւս կրնայ աւելի փոքրանալ եթէ այդ աննշան փոքրիկ բլուրը ջնջուի ծովէն։ Հետեւաբար եթէ մաս մը տառապի, բոլորը կը տուժուինք ու կը տառապին», ըսաւ Ան։

Գերապայծառ Կալլակեր ապա մատնանշեց, որ զօրակցութիւնը այս մեծ մարդկային ընտանիքի պատկանելիութեան իսկական իմաստն է՝ ուր ընդհանուր բարեկեցութիւնը կախեալ է իւրաքանչիւրիս բարեկեցութենէն՝ աշխարհի ամէն անկիւնի մէջ, ուստի պէտք չէ երբեք տարբերութիւն կատարել ընկերային կարգավիճակի, կրօնքի ու ցեղի միջեւ, որովհետեւ ուրիշները մեզի կը նմանին՝ որոնց հետ կը կիսենք միեւնոյն մարդկային արժանապատուութիւնը։

Վատիկանի դիւանագէտը ելոյթը աւարտեց նշելով, որ եսասիրութեան վրայ հիմնուած համակարգերը անկայուն են, ապա յիշեց 1963ին, Յովհաննէս Պօղոս ԻԳ ի պաղ պատերազմի ընթացքին, արդարութեան եւ խաղաղութեան յղած կոչը ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Fratelli tutti առաքելական նամակին մէջ աւելի քան 26 անգամ նշուած զօրակցութիւն բառը։ «Զօրակցութիւնը խթանելիք առաքինութիւն մըն է ամէն մակարդակի վրայ՝ ծնողաց, ուսուցիչներուն եւ հաղորդակիցներուն կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2023, 15:50