Որոնել

2023.05.11 Vaticano S. Pietro cupolone Petersdom Petersplatz

Վատիկանը ետ քաշած է Լիզպոնի մէջ Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրը խորհրդանշող դրոշմաթուղթը

Դրոշմաթուղթը կը պատկերացնէր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը որ երիտասարդները կ’առաջնորդէ դէպի ապագայ, սակայն քննադատուած է Փորթուկալի մայրաքաղաքի Յայտնագործութիւններու յուշարձանի պատկերին օգտագործումը, քանի որ ան կը յիշեցնէ գաղութատիրական անցեալը:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Վատիկան քաղաքի Պետութեան Կառավարութիւնը տեղեկացուցած է, որ ետ առած է 2023 թուականի օգոստոսի 1էն 6ը Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ կայանալիք Երիտասարդներու Համաշխարհային 38-րդ Օրը (ԵՀՕ) խորհրդանշող դրոշմաթուղթը, որ թողարկուած էր անցեալ 16 մայիսին՝ Վատիկանի նամակատունի կողմէ:

Դրոշմաթուղթը ոգեշնչուած էր 1960 թուականին իրականացուած Յայտնագործութիւններու յուշարձանի (Padrão dos Descobrimentos) պատկերով՝ նուիրուած Փորթուկալի յայտնագործութեան Էնրիքօ իլ Նավիկաթորէի կողմէ:

Յուշարձանը կը պատկերացնէ վերջինիս, որ կ’առաջնորդէ նաւի անձնակազմը՝ բացայայտելու նոր աշխարհը: Եւ նմանապէս դրոշմաթուղթի գաղափարն էր ներկայացնել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նաւակի վրայ, որ կ’առաջնորդէ երիտասարդները եւ Եկեղեցին դէպի ապագայ՝ բացայայտելու «դարաշրջանի այս փոփոխութիւնը»: Այս մասին եւս կը հաղորդուի Վատիկան քաղաքի Պետութեան Կառավարութեան գրութեան մէջ:

Դրոշմանիշի յղումը յայտնի յուշարձանին, սակայն, յարուցած էր քննադատութիւն և տարակուսանք՝ յառաջացնելով բացասական մեկնաբանութիւններ, քանի որ ան կը կը կապուի եւ կը յիշեցնէ գաղութատիրական անցեալը, որ շատ հեռու է Ֆրանչիսկոս Պապի համընդհանուր եղբայրութեան ուղերձէն:

ԵՀՕ կազմակերպիչները անհրաժեշտ համարած են բացատրելու, որ Վատիկանի նամակատունի հեղինակած դրոշմաթուղթը միայն նպատակ ունէր խթանելու Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը երիտասարդներուն հետ՝ առանց անցեալի մասին որևէ յիշատակութեան: Բայց եւ այնպէս Վատիկան քաղաքի Պետութեան Կառավարութիւնը չեղարկած է դրոշմաթուղթը միաժամանակ յայտարարելով, որ ընթացքի մէջ է նորի պատրաստումը Լիզպոնի ԵՀՕ համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2023, 08:30