Որոնել

Վատիկանեան դրոշմաթուղթեր Վատիկանեան դրոշմաթուղթեր  

Վատիկանի նամակատունը հրապարակեց նոր դրոշմաթուղթեր

16 մայիսին Վատիկանի նամակատունէն հրապարակուած նոր դրոշմաթուղթերը նուիրուած են ընթացքիկ տարուան ընթացքին նշուելիք կարեւոր իրադարձութիւններուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի նամակատունը հրապարակեց նոր դրոշմաթուղթեր նուիրուած կարեւոր տարեդարձներու ինչպէս նաեւ ընթացիկ տարուան ընթացքին նշուելիք իրադարձութիւններուն, որոնշ շարքին.

Եւրոպա 2023. «Խաղաղութիւն. Մարդկութեան ամենամեծ արժէքը»։

Լիզպոնի մէջ երիտասարդներու համաշխարհային 38-րդ հաւաքը։

Սփոլեթոյօի մայր տաճարին օծման 825 ամեակը։

Լատերանեան միութեան երկիու հարիւր ամեակը։

Սուրբ Աթոռի պատմական յուշարձաններուն պաշտպանութեան մնայուն յանձնաժողովի հարիւր ամեակը։

Յայտնենք, թէ Լիզպոնի մէջ երիտասարդներու համաշխարհային 38-րդ հաւաքի նուիրուած դրոշմաթուղթին վրայ պատկերացուած է ֆրանչիսկոս Պապը, զոր Սուրբ Պետրոսի նաւակով եկեղեցին ու երիտասարդները կ՝առաջնորդէ բացայայտելու դարաշրջանի փոփոխութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2023, 13:33