Որոնել

2019.05.24 Joaquin Navarro Valls e Giovanni Paolo II

Վոյթիլա Քահանայապետը պատմուած իր խօսնակի աչքերով

Հրատարակուած են Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակի աւելի քան քսան տարուայ տնօրէն Եոաքին Նավարրօ-Վալսի յետմահու յուշերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Անցեալ օրերուն Սպանիայի մէջ լոյս տեսաւ «Editorial Planeta» հրատարակչատան կողմէ հրապարակուած «Mis años con Juan Pablo II – Իմ տարիներս Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետ» վերտառութեամբ հատորը, որ կը պարունակէ երջանկայիշատակ Քահանայապետին խարիզմաթիք խօսնակ եւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի աւելի քան քսան տարուայ տնօրէն` Եոաքին Նավարրօ-Վալսին յետմահու յուշերը։ Հատորին մասին այսօրուայ «Օսսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթի թիւին մէջ անդրադարձաւ Ալեսսանտրօ Ճիզոթթին, որ ի միջի այլոց գրեց.

«Անձնական նշումներու» հատորին մէջ ամփոփուած են քսան տարուայ յիշատակներ, եւ այդ նշումներու հեղինակին կամքով է, որ անոնք կը հրատարակուին միայն այսօր, 2017ին տեղի ունեցած անոր մահուընէ գրեթէ վեց տարիներ ետքը, ինչպէս կը կարդանք հատորի նախաբանին մէջ, որ կը կրէ Տիեկօ Քոնթրերասին ստորագրութիւնը, որ «Օփուս Տէյ» միաբանութեան Սուրբ Խաչ Քահանայապետական համալսարանի Հաղորդակցութեան Մասնաճիւղի դասատուներէն մին է։

600 էջնոց հատոր

600 էջնոց հատորի տողերուն մէջ Նավարրօ Վալսը կը խօսի իր եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի միջեւ կապի մասին ընդգծելով, թէ ինք Վոյթիլան սիրած է «որպէս Հայր», ապա անդրադարձ կը կատարէ Ի դարու մեծ անձնաւորութիւններու մասին, որոնց ինք եւս հանդիպեցաւ` սկսեալ Կալկադայի Մայր Թերեզայէն, Նախագահներ Ռիկըն եւ Կորպաչովէն, Ֆիտել Քասթրոյէն.... Նավարրօ Վարլսը կը խոստովանի, թէ ինք եղած է առանձնաշնորհեալ անձ մը, այն կարելիութեան համար, որ իրեն տրուեցաւ ուղղակի կերպով շփուելու եւ աշխատելու Քահանայապետին հետ եւ առ աւելիով մօտէն ճանչցած ըլլալու «սուրբ մարդ» մը։

Քարոլ Վոյթիլայի սրբութեան վկայութիւնը

Եւ ճիշտ Քարոլ Վոյթիլայի սրբութեան վկայութիւնն է, որ կը դառնայ հատորին շարանը, ուր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի երբեմնի տնօրէնը «հիացմունքով և զգացմունքով» կը մատնանշէ, որ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը անձնական կեանքի որեւէ փոքր կամ մեծ իրավիճակ և իր Պետրոսեան ծառայութեան իւրաքանչիւր որոշում, վստահած է Տիրոջ` լիակատար վստահութեամբ և Անոր յանձնուելով:

Գիրգին մէկ գլուխը յատկացուած է Քարոլ Վոյթիլա քահանայապետին հիւանդութեան ուր Նավարրօ Վալս դիտել կու տայ, թէ հակառակ հիւանդութեան ու ցաւերուն «Աստուծոյ մարզիկը» երբեք չի կորսնցուց վստահութիւնը, թէ «Տէրը մինչեւ վերջ պիտի ընկերակցի իրեն յանձնած առաքելութեան»։

Պաշտօնական հաղորդակցութեան ուղեցոյց

Հատորը կը ներկայանայ նաև որպէս արժէքաւոր «պաշտօնական հաղորդակցութեան ուղեցոյց», որ օգտակար կարող է ըլլալ՝ ոլորտի ուսանողներուն և մասնագէտներուն, որոնք կը ցանկան իմանալ մեր ժամանակի մեծ հաղորդավարի աշխատանքի «վարագոյրի ետին» աշխատանքին մասին:

Նավարրօ-Վալսը ապա չի զլանար ընդգծել որոշ նկատառումներ Վատիկանի հաղորդակցութիւնը բարելաւելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ և երբեմն ալ կը դժգոհի «դիւանակալական» համակարգէն, որ իրեն թոյլ չտար տեղեկացնել այնպէս, ինչպէս ինք կը ցանկայ։

Սակայն ամէնէ տպաւորիչ նկատառումները կը հային իր իսկ անձին, երբ օրինակի համար ան կը գրէ. «Շատ խօսեցայ եւ վատ խօսեցայ», ի նշան Յովհաննէս Պօղոս Բ մեծ քահանայապետի խօսնակին խոնարհ նկարագրին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2023, 15:30