Որոնել

2023.05.15 Alistair Dutton, nuovo segretario generale di Caritas internationalis

Անգլիացի Ալիսթէր Տութթոնը Caritas Internationalis-ի նոր քարտուղար

«Վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին Քարիթասին ծառայելը ինծի համար եղաւ մեծ պատիւ։ Քարիթասը իմ տունս է, իմ ընտանիքս, իմ կոչումս» հաստատեց Միջազգային Նորընտիր 11րդ ընդհանուր քարտուղարը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սքովտիայի Քարիթասի ներկայ գործադիր տնօրէն` տիար Ալիսթէր Տութթոն ընտրուեցաւ Caritas Internationalis-ի նոր քարտուղար։ Ան 25 տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանի մարդասիրական ոլորտէն ներս եւ ծրագիրներ ղեկավարած է աւելի քան 70 երկիրներու մէջ։ 2009էն մինչեւ 2014 եղած է նաեւ Միջազգային Քարիթասի մարդասիրական գործունէութիւններու տնօրէնը։

Տութթոնը ընտրուեցաւ երկուշաբթի 15 Մայիսին Հռոմի մէջ կայացած Միջազգային Քարիթասի համադաշնութեան ընդհանուր լիագումար նիստի ընթացքին, որուն կը մասնակցին ազգային 162 Քարիթասներու անդամներ։ Անոնց շարքին են նաեւ Հայկական Քարիաթսը եւ Վրաստանի Քարիթասը։ Տութթոն տնօրէնի պաշտօնը պիտի վարէ մինչեւ 2027 թուական։

Ծառայութիւնը` պատիւ

«Վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին Քարիթասին ծառայելը ինծի համար եղաւ մեծ պատիւ։ Քարիթասը իմ տունս է, իմ ընտանիքս, իմ կոչումս» հաստատեց Միջազգային Նորընտիր 11րդ ընդհանուր քարտուղարը խօսքը ուղղելով ժողովականներուն ու խոստանալով. «մտիկ ընել հեզութեամբ, խորհիլ ուշադրութեամբ եւ կառուցել կամուրջներ»։ «Կը խստանամ Գործադիր Տնօրէնի գումարման լիազօրութիւնները օգտագործել միասնաբար զարգացնելու համար համադաշնութիւնը» աւելցուց Ան։

Տութթոն Քարիթասի հետ սկսաւ աշխատիլ 1996 թուականին։ «Այդ օրէն Քարիթասի մէջ ուղեւորութիւնս ինձ տարաւ համայն աշխարհ։ Քոսովոյի, Տարֆուրի, Իրաքի, Լիպերիայի եւ Սուրիայի պատերազմներէն, մինչեւ Ասիայի մէջ «թսունամիին», Հայիթիի, Հնդկաստանի եւ Չիլիի մէջ երկրաշարժներուն, մինչեւ Միջին Արեւելք, Փաքիստան, Միանմար, ու ափրիկեան ցամաքամաս» ըսաւ ի միջի այլոց Քարիթասի նորընտիր տնօրէնը։

Միշտ երկուշաբթի 15 Մայիսին ընտրուեցաւ նաեւ Caritas Internationalis-ի փոխ նախագահը յանձին` տիկ. Քիրսթի Ռոպերթսոնի, որ 2019էն ի վեր Աւստրալիոյ Քարիթասի գործադիր տնօրէնն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2023, 08:00