Որոնել

Վատիկանի մէջ Զուիցերական պահակագունդի զինուոր Վատիկանի մէջ Զուիցերական պահակագունդի զինուոր 

Վատիկանի Սանդ Աննա մուտքէն անհատ մը ինքնաշարժով ներխուժած է Վատիկան. Վարորդը ձերբակալուեցաւ

Վատիկանի ոստիկանները ինքնաշարժը կեցնելու համար ցուցմունքներ տալով հանդերձ, 40 ամեայ այր մարդը շարունակած է ինքնաշարժ քշել ու անցած է Վատիկանի անցքերէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեկ 18 մայիսին, յետմիջօրէին, ինքնաշարժով անձ մը առանց կենալու ու ուժով անցած է Վատիկանի «Սանդ ԱՆնա»ի մուտքէն ու հասած է մինչեւ «Սան Տամազօ» գաւիթ։ Անձը ձերբակալուած է Վատիկանի ոստիկաններու կողմէ։

Լուրը հաղորդեց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուէ, թէ հակառակ Վատիկանի ոստիկաններուն ցուցմունքներուն, ինքնաշարժի վարորդ 40 ամեայ այր մարդը շարունակած է ինքնաշարժը քշել եւ ուժով անցած է Վատիկանի անցակետերէն։

Ինքնաշարժը կեցնելու համար Վատիկանի ոստիկանները կրակ բացած են ինքնաշարժի անիւներուն վրայ։

Վատիկանի մէջ անմիջապէս ահազանգի ձայնի հնչումով պահակները փակած են «Ծեքքա» անուան մեծ դուռը, որ մուտքն է դէպի Սուրբ Պետրոսի տաճար, Վատիկանի Պարտէզներ, եւ Սանթա Մարթայի հրապարակ։

Ինքնաշարժի վարորդը հասնելով «Սան Տամազօ» գաւիթը ձերբակալուած է ոստիկաններու կողմէ, որմէ ետք ենթարկուած է Վատիկանի Պետութեան առողջապահական կառոյցի բժիշկներուն քննութեան, որոնք բացայայտած են անոր հոգեֆիզիքական ծանր վիճակի մէջ գտնուիլը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2023, 11:37