Որոնել

FILE PHOTO: Man walks while smoke rises above buildings after aerial bombardment in Khartoum North

Սուրբ Աթոռը անհանգստացած է Սուտանի մէջ բռնութիւններէն

ՄԱԿի և միջազգային այլ կազմակերպութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի Մշտական Առաքելութեան յայտարարութիւնը Ժընեւի մէջ Մարդու իրաւունքներու Խորհուրդի 36րդ յատուկ նստաշրջանի ժամանակ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

11 Մայիսին, Ժընեւի մէջ ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի Մշտական Առաքելութիւնը՝ Սուտանի մէջ ընթացող պատերազմի՝ մարդու իրաւունքներու վրայ ազդեցութեան նուիրուած Խորհուրդի 36-րդ յատուկ նստաշրջանին կատարած Յայտարարութեան մէջ կը վերահաստատէ իր «խոր մտահոգութիւնը» ափրիկեան երկրի մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններու և բռնութիւններու լուրջ իրավիճակի կապակցութեամբ։

Փաստաթուղթին մէջ կ’ըսուի նաեւ, որ Սուրբ Աթոռը, բախուելով «ժողովրդի տառապանքներու» աւելացմանը, կը ցանկանայ. «կրկին անգամ ապահովել իր հոգեւոր մտերմութիւնը, աղօթքները եւ զօրակցութիւնը Սուտանի ժողովրդին, յատկապէս տեղահանուածներուն և փախստականներուն»:

Մարդասիրական հետևանքներ

Բացի այդ, «մարդասիրական լուրջ հետևանքներէն» անհանգստացած՝ Սուրբ Աթոռը «բոլոր կողմերուն» կոչ կ’ուղղէ «դադրեցնելու զինուած յարձակումները և երաշխաւորելու քաղաքացիական բնակչութեանը անհրաժեշտ ապրանքներու հասանելիութիւնը»։

Զինադադարի Համաձայնագիրը

Սուրբ Աթոռը նաեւ յոյս արտայայտած է, որպէսզի «հրադադարը երկարաձգուի և լիովին յարգուի, և որ հակամարտութեան բոլոր կողմերու միջեւ բանակցութիւնները յանգեցնեն արդիւնաւէտ համաձայնութեան՝ ի շահ Սուտանի բնակչութեան»։

Յայտարարութիւնը կ’եզրափակուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կոչով՝ «վար դնել զէնքերը»՝ «խաղաղութեան և ներդաշնակութեան ճանապարհը միասին վերսկսելու» նպատակով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2023, 08:25