Որոնել

Եպիսկոպոսներու սինոդի ժողովի մասնակիցները Եպիսկոպոսներու սինոդի ժողովի մասնակիցները  (Vatican Media )

Սինոդ. Հաստատուեցաւ աշխատանքային փաստաթուղթի ծրագիրը

Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան 15-րդ կանոնաւոր խորհուրդի աշխատանքներուն գլխաւոր նիւթերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 4էն-29 հոկտեմբեր 2023ին գումարուելիք սինոդի պատրաստութեան աշխատանքներու փուլերը կը շարունակուին՝ անցեալ ամիսներուն մայրցամաքային վեհաժողովներէն յետոյ, որոնց արդիւնքները Հռոմ հասնելէն ետք այժմ պատրաստութեան մէջ կը գտնուի սինոդի աշխատանքային փաստաթուղթը։ Այս եղաւ 10էն-13 մայիս, սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան 15-րդ կանոնաւոր խորհուրդի աշխատանքներուն գլխաւոր նիւթը։

Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ ըլլայ՛ ընդհանուր ժողովներուն եւ ըլլայ՛ լեզուաբանական աշխատանքային խումբերէն ներս, խորհուրդի անդամները ընկերակցութեամբ կարգ մը խորհրդատուներու վերանայած եւ հաստատած են աշխատանքային փաստաթուղթը, զոր նախատեսուած է հրապարակուի յունիս ամսոյն սկիզբը։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ հաստատուած է ժողովի մեթոդաբանութիւնը, տեղեկութիւններ փոխանցուած են յառաջիկայ 30 սեպտեմբերին, համամիութենական աղօթքի հսկումի վերաբերեալ, Together2023” նախաձեռնութեան շրջանակէն ներս։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2023, 13:56