Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  (Twitter @TerzaLoggia)

Պաշտպանել արուեստը կը նշանակէ պահպանել մշակոյթն ու հոգին. Կարդինալ Փարոլին

Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը ելոյթ ունեցած է «Եւրոպական տաճարներ Մալթա 2023. Պահպանութեան և հոգեւորութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը» բնաբանով գիտաժողովին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Փիեթրօ Փարոլինի ելոյթով բացումը կատարուեցաւ «Եւրոպական տաճարներ Մալթա 2023. Պահպանութեան և հոգեւորութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը» բնաբանը կրող գիտաժողովին, որ կազմակերպուած է Մայիս 11էն 12ը Մալթայի Սուրբ Յովհաննէս Տաճարէն ներս եւ համանուն Հիմնադրամի կողմէ:

Կարդինալ Փարոլինը իր խօսքին մէջ նշած է, որ գեղարուեստական առարկաներու վերականգնման և պահպանման ուղղած ջանքերը գործադրելու ատեն չենք կրնար նկատի չառնել «պատմական, մշակութային և կրօնական իմաստներու և արժէքներու պահպանումը, որոնք այդ առարկաները կ’արտայայտեն»: 

Որպէս օրինակ ներկայացնելով Միքելանճելոյին և Քանտինսքիին, ան ընդգծած է, որ արուեստագէտները արտայայտած են արուեստը՝ սրբութեան հետ յարաբերութեան մէջ՝ այդպիսով արձագանքելով մարդու «հոգևոր սովին» եւ նկատել տուած է, որ «բոլոր՝ ներառեալ ոչ հաւատացեալներու, գլխաւոր հոգեւոր շարժումները, դարերու ընթացքին մեծ ազդեցութիւն ունեցած են արուեստի վրայ»։

Պետքարտուղարը ապա վեր հանած է հետեւեալ հայեցակարգային միտքը թէ. «Արուեստագէտները միշտ օգնած են եկեղեցւոյ՝ թարգմանելու անոր աստուածային ուղերձը ձեւերու եւ կերպարներու միջոցաւ՝ անտեսանելի աշխարհը շօշափելի դարձնելով», ամփոփելով որ «հետևաբար չափազանցութիւն չէ ըսել, որ արժէքներու վրայ հիմնուած պահպանման գիտութիւնն իր բնոյթով հոգևորութեան ձև մըն է, քանի որ անոր նպատակն է ժամանակի ընթացքին տարածել ինչպէս շօշափելի, այնպէս ալ ոչ նիւթական չափումին վերագրուող՝ այսինքն մեր մշակութային աննիւթական ժառանգութեան, արժէքները»:

Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը ՝ որպէս հոգեւոր արուեստի խրախուսողն ու  պահապանը, ներկայացնելով՝ Վատիկանի բարձր պաշտօնեան նշած է այդ յանձնառութիւնը բնորոշող գլխաւոր փուլերը. 1962ին Սուրբ Աթոռի միացումը Եւրոպական մշակութային համաձայնագիրին, 1984ին Պերլինի մէջ Մշակութային Նպատակներու վերաբերեալ Եւրոպական Հռչակագրի ստորագրումը, 1993ին Եկեղեցւոյ Գեղարուեստական և Պատմական ժառանգութեան պահպանման Քահանայապետական յանձնաժողովի ստեղծումը։ 

Կարդինալ Փարոլինը յիշեցուցած եւ ընդգծած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի՝  իտալացի դիւանագէտներուն ուղղած հրաւէրը 2013ի Դեկտեմբեր 20ին «օգտագործել մշակութային արւեստը՝ հանդիպման մշակոյթ տարածելու համար»:

Ան ապա միտքը ուղղելով դէպի յաջորդ սերունդները, վկայակոչած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդի պարտաւորութիւնը՝ խթանելու այն համոզմունքը, որպէսզի «պահպանման ուղղութեամբ ձեռնարկած միջոցառումները ձգտին պահպանել արուեստի աշխարհը՝ ոչ միայն որպէս գեղեցկութեան կրող, այլեւ, և առաջին հերթին, որպէս կրօնական և հոգևոր արժէքներու համադրութիւն, որոնք չեն կարող անջատ ըլլալ անոր պատմական, աշխարհագրական և ճարտարապետական ոլորտներէն»:

Կարդինալ Փարոլինը եզրափակած է ելոյթը՝ մաղթելով, որ «արուեստը արդիւնաւէտ միջոց ըլլայ ՝ աւելի մօտեցնելու Աւետարանի պատգամին և բարի կամքի տէր իւրաքանչիւր մարդու մէջ արթնացնէ գեղեցկութեան հանդէպ սէրը, որ կը բանայ հոգին դէպի ճշմարտութիւնն ու բարին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2023, 09:48