Որոնել

Կարդինալ Ծուփփի Անճելօ Շելցոյի գիրքի ներկայացումի ընթացքին Կարդինալ Ծուփփի Անճելօ Շելցոյի գիրքի ներկայացումի ընթացքին 

Կարդինալ Ծուփփի. «Եկեղեցւոյ հաղորդակցութիւնը պէտք է խօսի սրտի լեզուն»

"Dal Concilio al Web - Եկեղեցական Տիեզերական ժողովէն մինչեւ համացանց» վերնագիրով գիրքի ներկայացում Հռոմի Լումսա Համասարանէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 13 յունիսին, Հռոմի «Լումսա» համալսարանին մէջ ներկայացուեցաւ Անճելօ Շելցօ հեղինակին "dal Concilio al Web - Եկեղեցական Տիեզերական ժողովէն մինչեւ համացանց» վերնագիրով, Վատիկանի հաղորդամիջոցներու բարեփոխման ու ծագումին վերաբերող գիրքի ներկայացումը։

Այս առիթով ելոյթ ունեցան Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան առաքելութեան համար, Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ, Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին, Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու վերատեսչութեան վերատեսուչ, տիար Փաուլօ Ռուֆֆինին, «Ռացինկեր» քահանայապետական հիմնարկի նախագահ` հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին։

«Եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան առանձնայատկութիւնը այն է խօսիլ սիրտի լեզուով ու Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ խնդրուած Վատիկանի լրատուամիջոցներու բարեփոխումը «Սպիտակ գոյնով ներկել չէ, այլ յառաջ երթալու քայլ մըն է վերիմաստաւորելու համար ամբողջ համակարգը», ըսաւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը։

Ան ի միջի այլոց անդրադարաձաւ նաեւ Ուքրանիոյ պատերազմին մասին նշելով, թէ անցեալ 5էն 6 յունիս, Քիեւ կատարած այցելութենէն ետք, այժմ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ պիտի հանդիպի խօսելու համար Ռուսիա կատարելիք խաղաղութեան առաքելութեան երկրորդ փուլին մասին։

Փաուլօ Ռուֆինի «հաղորդացկութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմնական մասը»

Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու վերատեսչութեան վերատեսուչ, տիար Փաուլօ Ռուֆֆինին իր ելոյթին մէջ նշեց, թէ վերոյիշեալ հատորին հեղինակը` Շելցոն իր գիրքին մէջ կը պատմէ Վատիկանեան լրատուամիջոցներու պատմութիւնը՝ սկսելով Ֆրանչիսկոս Պապին 2015 ին, ինքնագիր նամակին արդիւնքներէն՝ ուր ստեղծուեցաւ ներկայ հաղորդամիջոցներու վերատեսչութիւնը, մինչեւ վերջին ամիսներուն ընթացիկ իրադարձութիւնները, ապա կը վերադառնայ ներկայ համակարգի ակունքներուն, որ է Վատիկանենան Տիեզերական Ժողովը։

Փաուլօ Ռուֆֆինի ընդգծեց, որ Եկեկեցւոյ փաստաթուղթերէն եւ Praedicate Evangelium սահմանադրութենէն ի յայտ կու գայ, թէ ինչպէս եկեղեցին ունի պարտականութիւնը քալելու մեր ժամանակուան միջոցներու միջոցաւ ու թէ հաղորդակցութիւնը եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնն է։

Հայր Լոմպարտի. «Ֆրանչիսկոս Պապին մղումը էական է»

«Բոլորս գիտէինք, որ Վատիկանեան լրատուամիջոցներու բարեփոխումը անհրաժեշտ էր, սակայն կը պակսէր մէկ մը, որ քաջութիւնը ունենար այդ գործընթացը սկսելու եւ առանց ֆրանչիսկոս Պապի մղումին անիկայ թափ պիտի չ՝առներ», ըսաւ Հայր Լոմպարտին աւելցնելով, որ Վատիկանեան հաղորդակցութիւնը կապուած չէ արուեստագիտական միջոցներու այլ իւրաքանչիւր Պապի հաղորդակցութեան ոճին ու կը փորձէ հետեւիլ եւ յարմարիլ, թէ ինչպէս Քահանայապետը կը ներկայանայ այսօրուան աշխարհին, ունենալով միշտ որպէս առաջնորդ աւետարանն ու եկեղեցւոյ կեանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2023, 10:59