Որոնել

Քոնչիլիացիոնէ Պողոտայի վրայ 2025ի Յոբելեանի  «Info Point»ի բացումը Քոնչիլիացիոնէ Պողոտայի վրայ 2025ի Յոբելեանի «Info Point»ի բացումը 

Փարոլին. Սիրով եւ աղօթքով ընկերանանք Քահանայապետին` որ կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց

Յուսանք որ ամէն բան լաւ ընթանայ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը այսօր աղօթքով եւ Աւետարանի մէկ հատուածի ընթերցանութեամբ, Գերապայծառ Ֆիզիքելլայի ընկերակցութեամբ, բացումը կատարեց Քոնչիլիացիոնէ Պողոտայի վրայ 2025ի Յոբելեանի «Info Point»ին։

Այս առիթով պատասխանելով Քահանայապետի առողջական վիճակի մասին լրագրողներուն իրեն ուղղուած հարցումներով, Ան նշեց. «մեր սիրով ու մեր աղօթքներով կը հետեւինք Քահանայապետին, յուսալով որ ամէն բան լաւ ընթանայ» աւելցնելով նաեւ, թէ ինք «թեխնիքական յաւելեալ տուեալներ չունի գործողութեան մասին»։

Լրագրողներուն հետ ունեցած հակիրճ զրոյցի ընթացքին Վատիկանի Պետական Քարտուղարը անդրադարձ կատարեց նաեւ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին Քիեւ կատարած խաղաղութեան առաքելութեան մասին, հաստատելով` որ «այդ առաքելութիւնը Սուրբ Աթոռին կողմէ յաւելեալ օժանդակութիւն մըն է խաղաղութեան գործընթացքին համար»։

Կարդինալ Ծուփփիի Մոսկուա կատարելիք հաւանական ճամբորդութեան հարցումին պատասխանելով Կարդինալ Փարոլինը ըսաւ` թէ այդ հարցը պիտի քննարկէ Կարդինալ Ծուփփիին հետ աւելցնելով, որ «Քահանայապետին միտքը այն էր այս առաքութիւնը կատարել երկու երկիրներու մայրաքաղաքներուն, ուստի պէտք է, որ բաց մնայ Մոսկուայի հեռանկարը» յարեց Ան, մատնանշելով նաեւ իր ու Կարդինալ Ծուփփիի միջեւ հանդիպումի մը կարելիութեան, որմէ ետքը «մենք բնականաբար տեղեակ կը պահենք Քահանայապետը» ըսաւ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 13:06