Որոնել

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր 

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի այցելութիւնը Մոնկոլիա

Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր այցելեց Մոնկոլիա, ի պատրաստութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Մոնկոլիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի եւ Մոնկոլիոյ միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման 30-րդ տարեդարձին շրջագիծէն ներս, Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն յարաբերութիւններուն քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, 4էն-8 յունիսին, այցելեց Մոնկոլիա։

Կիրակի 4 յունիսին, Մոնկոլիոյ մայրաքաղաք ժամանումին, միջազգային օդակայանին մէջ արքեպիսկոպոս Կալլակերին դիմաւորումի ելան առաքելական կառավարիչ, կարդինալ Ճորճօ Մերենկօ եւ Պապական նուիրակի քարտուղար գերապայծառ Ֆերնանտօ Տուարդէ Պառոս Ռէյսի։ Ներկայ էին նաեւ Մոնկոլիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար, Տիար Ամարթուվշին Կոմպոսուրէն եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Մոնկոլիոյ դեսպան, տիկին Տավասուրեն Կերելմա։

Այցելութեան առաջին օրը, Սուրբ Երրորդութեան տօնին առթիւ ,Գերապայծառ Կալլակեր Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս անուան տաճարին մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ ու այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց միսիոնարներուն՝ անոնց տուած հաւատքի վկայութեան համար, ինչպէս նաեւ Մոնկոլիոյ մէջ աւետարանումի ի սպաս վեհանձն ծառայութեան համար։

Քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ հանդիպումի ծիրէն ներս, երկուշաբթի, 5 յունիսին, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր հանդիպեցաւ Մոնկոլիոյ արտաքին գործոց նախարար, տիկին Պաթմունխ Պաթթեսթեքի նախագահած Մոնկոլիոյ պատուիրակութեան հետ, ապա յաջորդ օրը, երեքշաբթի, 6 յունիսին, հանդիպեցաւ Մոնկոլիոյ հանրապետութեան նախագահ, տիար Ուխնաճին Քուերսոչէխի հետ։

Վերոյիշեալ երկկողմանի հանդիպումներու ընթացքին յիշուած են 13-րդ դարէն պատմական կապեր, անդրադարձ կատարուած է Մոնկոլիոյ մէջ վերջին երեք տասնեակ տարիներուն տնտեսական եւ ժողովրդական աճումին, ինչպէս նաեւ երկու կողմերու միջեւ յարաբերութիւններուն զարգացումի վերաբերող նիւթերուն, սկսեալ 1992 էն՝ երկու կողմերու միջեւ դիւանագիտական կապերուն հաստատումէն ետք։

Այս շրջագիծէն ներս անդրադարձ կատարուած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներդրումին՝ Մոնկոլիոյ ընկերութեան մէջ, քննարկուած է Մոնկոլիոյ մէջ կաթողիկէ միսիոնարներուն կեանքի եւ ծառայութեան պայմաններու բարելաւման մեթոտները։

Երկու կողմերը յատուկէն գոհունակութեամբ արտայայտուած են յառաջիկայ 31 Օգոստոսէն, մինչեւ 4 սեպտեմբեր, ֆրանչիսկոս Պապին Մոնկոլիա կատարելիք այցելութեան համար։

Չորեքշաբթի, 7 յունիսին, Վատիկանեան պատուիրակութիւնը այցելեց Մոնկոլիոյ գիտութիւններու մասնագիտական Anton Mostaert կեդրոն, որ օժտուած է գիտական մատենադարանով եւ յանձնառու է բազմաթիւ ակադեմական նախաձեռնութիւններուն, Մոնկոլիա պատմութեան, լեզուի եւ մշակոյթի զարգացման համար։

Հինգշաբթի, 8 յունիսին Վատիկանի պատուիրակութիւնը վերադարձած է Վատիկան։

Վատիկանի «Osservatore Romano» օրաթերթին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ կը կարդանք, որ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին Մոնկոլիա կատարած այցելութիւնը, որոշ իմաստով նախապատրաստական քայլ մըն է Ֆրանչիսկոս Պապին Մոնկոլիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2023, 15:27