Որոնել

2019.10.12 Sinodo settima Congregazione Generale pom

Հաղորդութիւնը, մասնակցութիւնը եւ առաքելութիւնը՝ Եպիսկոպոսներու Սինոդի հոկտեմբերեան Ժողովին առանցք

Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակին մէջ 20 Յունիսին պիտի ներկայացուի ընթացիկ տարուայ Հոկտեմբերին կայանալիք Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանրական Ժողովի Աշխատանքային թղթածրարը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Երեքշաբթի 20 Յունիսին ժամը 14․30-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի Սուրբ Պիոս Ժ դահլիճին մէջ պիտի ներկայացուի յառաջիկայ Հոկտեմբերին կայանալիք (4-29 Հոկտեմբեր, 2023) «Յանուն Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ. հաղորդութիւն, մասնակցութիւն, առաքելութիւն» բնաբանով Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանրական Ժողովի առաջին նստաշրջանի Աշխատանքային մեթոդաբանական թղթածրարը։

Նիւթին շուրջ ելոյթ պիտի ունենան ի միջի այլոց Եպիսկոպոսներու Սինոդի Ընդհանուր քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէքը եւ Սինոդի ընդհանուր զեկուցող Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխը ինչպէս նաեւ Սինոդի Ընդհանուր քարտուղարութեան Խորհրդատու Հայր Ճաքոմօ Քոսթա։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ամփոփ կերպով նաեւ պիտի ներկայացուին հոկտեմբերեան Ժողովի անդամներու նախապատրաստման, ինչպէս նաեւ տեղական խմբերու կողմէ Աշխատանքային թղթածրարի հնարաւոր կիրառման վերաբերեալ վկայութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2023, 10:56