Որոնել

Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ Վատիկանի աստղադիտարան Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ Վատիկանի աստղադիտարան  (©Buesi - stock.adobe.com)

Վատիկանի աստղադիտարանի ամառնային 18-րդ դասընթացը կը սկսի 4 յունիսին

Նախատեսուած է որ Վատիկանի աստղադիտարանի ամառնային դասընթացքի հետեւող աշակերտները հանդիպին Քահանայապետին հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

20 տարբեր ազգութիւններէն, աստղագիտութեան մէջ մասնագէտներու շարքին աւելի քան 24 աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հռոմի արուարձաններուն մէջ գտնուող Քասթել Կանտոլֆօ շրջանին մէջ կազմակերպուած Վատիկանի աստղադիտարանի ամառնային դասընթացքին ունենալով որպէս բնագիր«Սորվելով տիեզերքը. Միջոցներ մեծ տուեալներուն գիտութենէն, աստղագիտական հետազօտութիւններուն համար»։

Քսան տարբեր երկիրներէն՝ որոնց շարքին, Արժանթինը, Քոլոմպիան, հնդկաստանը, Չինաստանը, Լիբանանը, Հոլանտան եւ Հարաւային Ափրիկէն, 24 աշակերտներ պիտի մասնակցին Վատիկանի աստղադիտարանի աստղագիտութեան ամառնային դասընթացքին, Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ գտնուող քահանայապետերուն պարտէզներէն ներս։

Դասընթացքին ծիրէն ներս աշակերտները պիտի աշխատին իրենց հետազօտութիւններու հետ կապուած ծրագիրներու համար՝ ապա նախատեսուած է, որ հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Աստղագիտութեան Համալսարանական աշակերտները, որոնք պիտի մասնակցին Վատիկանի աստղադիտարանի աստղագիտութեան ամառնային 18-րդ դասընթացքին ընտրուած են աւելի քան 200 թեկնածուներուն միջեւ։ Ընտրութեան հիմնական չափանիշերը եղած են անոնց ակադեմական պաշտօնի մէջ յառաջացումի կարողութիւնն ու համոզումը, սահմանափակ ընտրութեամբ, որպէսզի ոչ մէկ երկիր ունենայ երկու ներկայացուցիչներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2023, 12:29