Որոնել

Արբանեակ Արբանեակ 

Ֆրանչիսկոս Պապին յոյսի խօսքերուն արձակումը տիեզերք

Քալիֆորնիոյ Vanderberg կեդրոնէն տիեզերք արձակուեցաւ, 2020 թուականի մարտի 27ին, համաճարակի տագնապի ամենադժուար օրերուն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած յոյսի պատգամը պարունակող նանոգիրքը ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 12 յունիսի ժամը 23,19 ին Քալիֆորնիոյ Vanderberg կեդրոնէն սկիզբ առաւ 2020 թուականին համաճարակի տագնապի օրերուն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած յոյսի խօսքերը պարունակող փոքրիկ գիրքին դէպի տիեզերք փոխադրող արբանեակի արձակումը, մոլորակի մէջ Նորին Սրբութեան յոյսի պատգամը տարածելու համար։

«Spei Satelles», «Յոյսի Պահապան» վերնագիրով տիեզերական առաքելութիւնը, նախաձեռնութիւնն է Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու վերատեսչութեան համագործակցութեամբ Իտալական տիեզերական գործակալութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Իտալական ազգային հետազօտութեան կեդրոնը եւ Թորինոյի Փոլիթեքնիքի մեխանիկական և օդատիեզերական ճարտարագիտութեան մասնաճիւղը։ Առաքելութեան մասնակցեցան նաեւ այլ հաստատութիւններ։

Արբանեակի արձակումը

Եղբայրութեան եւ յոյսի ժեսթ մը

«Spei Satelles» «յոյսի պահապաններ», առաքելութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, թէ Տիեզերական առաքելութիւնը զօրաւոր, ոգեշնչող, համընդհանուր, գրաւիչ ժեսթ մըն է ինչպէս նեաւ մարդկութեան ուղղուած յոյսի եւ անհրաժեշտութեան հրաւէր, որպէսզի ան մշակուի շօշափելի, հոգեւոր եւ նիւթական ժեսթերով, այնպէս ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակին վրայ։

Սոյն տիեզերական առաքելութիւնը վկայութիւն է, թէ որքան արդիւնաւէտ ու կարող է գիտութեան, հաւատքի, փոխյարաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ նեռարականութեան պատգամ մը ՝ հաշուի առնելով այն մարդկանց թիւը, յատուկէն երիտասարդները, որոնք իրենց գաղափարներով համագործակցեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ծրագիրին համար։

Տիեզերական Յոյսի Պահապան Առաքելութիւնը կ՝արձագանգէ նաեւ պատերազմի ժամանակ ուժեղ կոչի կարեւորութիւնը, իբրեւ խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ բաժնեկցութեան նշան։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2023, 12:00