Որոնել

2023.01.20 Unità cristiani

Հրատարակուեցաւ 2024-ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան բնաբանն ու ուղեցոյցը

Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ, բոլոր ոյժովդ եւ բոլոր մտքովդ եւ ընկերդ` քու անձիդ պէս (Ղուկ. 10,27)
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ … եւ ընկերդ` քու անձիդ պէս» Ղուկաս Աւետարանիչի տասներորդ գլուխէն քաղուած այս խօսքերը առանցքը կը կազմեն 2024 թուականի քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան, որ ամէն տարի կը տօնակատարուի Յունուար ամսուայ ընթացքին ` 18էն 25 երկարող շաբաթը։

Այս երկու թուականները 18ն ու 25ն յիշատակի օրեր են` առաջինը Սուրբ Պետրոսի գահին իսկ երկրորդը Սուրբ Պօղոսի դարձին։ Թուականներու ընտրութիւնը առաջարկուած է վերապատուելի Փոլ Վաթսոնի կողմէ՝ 1908 թուականին։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ուղեցոյցը պատրաստուած է Քրիստոնեաներու Միութեան խթանումի Վերատեսչութեան եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհրդի հաւատքի և կարգի յանձնաժողովի հովանաւորութեամբ ու շարադրուած է Պուրքինա Ֆազոյի համամիութենական յանձնախումբի կողմէ։

Արդարեւ Ուակատուկու Կաթողիկէ Աւագ Թեմին եղբայրներն ու քոյրերը, բողոքական եկեղեցիները, համամիութենական մարմինները և Պուրքինա Ֆազոյի «Chemin Neuf» հասարակութիւնը, վեհանձնօրէն համագործակցեցան աղօթքներու և մտորումներու պատրաստման գործին՝ այս համատեղ աշխատանքը ապրելով, որպէս համամիութենական դարձի իրական ճանապարհորդութիւն:

Քրիստոնէական միութիւնը խաղաղութեան և հաշտութեան ծառայութեան ի սպաս

Պուրքինա Ֆազոյի առանձնայատուկ իրավիճակը կ՛արտացոլայ անհրաժեշտութիւնը` սէրը դնելու որպէս խաղաղութեան և հաշտեցման որոնման կեդրոն:

Այս որոնումը յաճախ ենթարկուած է արժէքներու կորուստի և մարդկութեան պատկանելու զգացումի ինչպէս նաեւ ընդհանուր բարօրութեան, անազնւութիւն եւ հայրենասիրութեան նկատմամբ ուշադրութեան նուազումի սպառնալիքին:

Հաշտութիւն փնտռելու գործընթացին վնասեց նաեւ հոգևոր աղքատութիւնը և հեշտ շահի ձգտումը: Այս իրողութիւններու հետ առերեսուելով՝ Աստուծոյ սիրոյ մասին վկայութիւն տալու հրամայականն առաւել հրատապ կը դառնայ։

Բարի սամարացին

Քրիստոնեաները արդարեւ կոչուած են գործելու Քրիստոսի նման՝ սիրելով բարի սամարացիի պէս, ողորմութիւն և կարեկցանք ցուցաբերելով կարիքաւորներուն հանդէպ՝ անկախ անոնց կրօնական, ցեղային կամ ընկերային ինքնութենէն:

Ուրիշները օգնելու համար մեզ խրախուսողը միասնական ինքնութիւնը չէ այլ մեր «մերձաւորի» նկատմամբ սէրը: Այնուամենայնիւ, մեր մերձաւորը սիրելու տեսլականը, զոր մեզի կը ներկայացնէ Յիսուս, մարտահրաւէր է այսօրեայ աշխարհին համար:

Բազմաթիւ տարածաշրջաններուն մէջ պատերազմները, միջազգային յարաբերութիւններու անհաւասարակշռութիւնը և անհաւասարութիւնները, որոնք յառաջացած են արևմտեան ուժերու կամ այլ արտաքին գործակալներու կողմէ պարտադրուած կառուցուածքային ճշգրտումներու հետևանքով, արգելք կը հանդիսանան Քրիստոսի նման սիրելու մեր կարողութեան։

Քրիստոնեաներն իրենց տարբերութիւններէն անդին իրար զիրար սիրել սորուելով է, որ կարող են դառնալ «մերձաւորներ», ինչպէս է Աւետարանի բարի սամարացին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2023, 10:03