Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի գլխաւորութեամբ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 15 յուլիսին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Պոլսենա թեմի արքեպիսկոպոս անուանուած գերապայծառ Ժան Լուքա Փերիչիի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, գլխաւորութեամբ Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի։
Գերապայծառ Ժան Լուքա Փերիչի՝ ծագումով Իտալիոյ Cittadella քաղաքէն, ծնած է Վիչենցա քաղաք՝ 17 սեպտեմբեր, 1964ին։ Ան քահանայ ձեռնադրուած է 21 սեպտեմբեր 1991ին։Գերապայծառ Ժան Լուքա, աստուածաբանական եւ իմաստասիրական ուսումները աւարտելէ ետք, Հռոմի Սան Անսելմօ քահանայապետական համալսարանին մէջ ուսանած է ծիսագիտութիւն, ապա Հռոմի Սուրբ Թովմաս Աքունիացիին համալսարանէն վկայուած է որպէս տոքթոր եկեղեցական իրաւագիտութեան մէջ։
1 յուլիս 2001ին, Գերապայծառ Ժան Լուքա մտած է Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան մէջ, ապա որպէս քարտուղար ծառայած է հետեւեալ երկիրներուն Պապական նուիրակներուն պալատներէն ներս. (2001- 2002) տարիներուն՝ Մեքսիքօ, (2002-2005) Հայիթի, (2005-2008) Մալթա, (2008-2011) Անկոլա։ Իսկ որպէս Պապական նուիրակի խորհրդատու ծառայած է (2011-2015) Պրազիլի մէջ, (2015-2018), Շուէտի մէջ, (2018-2021) Սպանիա, (2021-2023) Փորթուկալ։
Երկուշաբթի, 5 յունիս, 2023ին, Ֆրանչիսկոս Պապ գերապայծառ Ժան Լուքա Փերիչիի անուանեց Պոլսենա թեմի արքեպիսկոպոս եւ Պապական Նուիրակ Զամպիայի եւ Մալավիի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ