Որոնել

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապի խաղաղութեան զօրաւոր եւ քաջ մարգարէութիւնը

Վատիկանի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը ելոյթ ունեցաւ «Limes» աշխարհաքաղաքական ամսագիրի «Ուքրանական դասեր» տիտղոսով հատորի շնորհանդէսին․ «Ֆրանչիսկոս Պապին բառերը եւ արարքները որպէս «խաղաղութեան սին գործողութիւններ բնութագրելը արդար չէ Սրբազան Հօր տեսլականի նկատմամբ, որ չ’ուզեր համակերպուիլ պատերազմի հետ եւ յամառօրէն կը հաւատայ խաղաղութեան՝ հրաւիրելով բոլորը ըլլալու անոր ստեղծագործ եւ քաջ ջուլհակները եւ արհեստաւորները»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

13 Յուլիսին, Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար, Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը ելոյթ ունենալով իտալական «Limes» աշխարհաքաղաքական ամսագիրի «Ուքրանական դասեր» տիտղոսով հատորի շնորհանդէսին, պարզաբանած է «Սրբազան Քահանայապետի Ուքրանիոյ պատերազմի առնչութեամբ ունեցած դիրքորոշումը եւ Պապի խօսքերուն ու վարմունքներուն վերագրուող մեկնաբանութիւնները»։

Արքեպիսկոպոսն իր պարզաբանումները ուղեկցած է գիրքին մէջ արտացոլուած տարբեր յղումներով։ Ան մասնաւորապէս նշած է, որ «անհերքելի է, եւ նաեւ ազնիւ ճանաչելու այն փաստը, որ «Պապի յայտարարութիւններուն ուքրանացիներու հակազդեցութիւնը կ’արտացոլէ խորն հիասթափութիւն» (էջ 86)։ Այդ մէկը, յիրաւի ցուցաբերած են ինչպէս ուքրանական կառավարական իշխանութիւններու, այնպէս ալ տեղական եկեղեցական համայնքներու տարբեր ներկայացուցիչները՝ ընդհուպ մինչեւ վերջերս»։

Ասկէ մեկնելով Գերապայծառ Կալլակերը նկատել տուած է, որ «Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային խօսքերը եւ արարքները փաստեր են, որոնք կարող են արդարացիօրէն մեկնաբանուիլ ազատօրէն եւ ըստ հայեցողութեան։ Բայց եւ այնպէս անոնք «խաղաղութեան սին գործողութիւններ» բնութագրելը արդար չէ Սրբազան Հօր տեսլականի եւ մտադրութիւններու հանդէպ, որ չ’ուզեր համակերպիլ պատերազմին հետ եւ յամառօրէն կը հաւատայ խաղաղութեան՝ հրաւիրելով բոլորը ըլլալու անոր ստեղծագործ եւ քաջ ջուլհակները եւ արհեստաւորները», շեշտած է Կալլակէր։

«Սրբազան Քահանայապետը երկխօսութեան ու խաղաղութեան իր կամքը հնարաւոր դարձնելու նպատակով կ’առաջնորդուի այն սկզբունքով, որ «Եկեղեցին պէտք է ոչ թէ օգտագործէ քաղաքականութեան, այլ՝ Յիսուսի լեզուն», նշած է ի միջի այլոց Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեան՝ ընդգծելով, թէ «Սուրբ Աթոռին նպատակը չէ «աչք փակել ռուսական բանակի և իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող համակարգուած ռազմական յանցագործութիւններուն վրայ եւ յարձակում գործած երկիրը նոյնացնել յարձակումի ենթարկուած երկիրի հետ» (էջ 87)։ Այդ մէկը Ֆրանչիսկոս Պապը յստակ ցոյց տուած է առարկայական գործողութիւններով՝ «յօգուտ ուքրանական բնակչութեան մարդասիրական նախաձեռնութիւններով ու վարմունքներով» (էջ 87)։

Ուստի, շարունակած է Գերապայծառ Կալլակէր, Սրբազան Քահանայապետի «վարմունքները ու խօսքերը ոչ թէ խաղաղութեան հռետորաբանութեան արտայայտութիւն են, այլ «խաղաղութեան զօրաւոր և քաջ մարգարէութիւն», որ մարտահրաւէր կը նետէ պատերազմին եւ անոր ենթադրեալ անխուսափելիութեանը: Այս մարգարէութիւնը, սակայն, փոխանակ ընդունելու եւ աջակցելու՝ նպաստելու համար անոր աւելի դիւրին կերպով իրականացումին, կը մերժուի եւ կը դատապարտուի՝ այդպիսով ապացուցելով, իր ոչ պակաս կողմնակիութիւնը, քան այն որ կը վերագրուի Սուրբ Աթոռին», նշած է Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը, որ ապա բացատրած է, որ խաղաղութեան նպաստելու համար պէտք է փոխել որոշ վերաբերմունքներ․

Նախ՝ «պատերազմի տրամաբանութիւնը», որ ցաւօք կը շարունակէ գերիշխել, ինչպէս հակամարտութեան ելքի այնպէս ալ որպէս անհրաժեշտ պաշտպանութիւն հիմնաւորումի առնչութեամբ»:

Ապա անհրաժեշտ է յաղթահարել «միւսի հանդէպ անվստահութիւնը՝ փոխադարձ վստահութիւն ձևաւորելու աւելի մեծ յանձնառութեամբ՝ ուժեղացնելով արդեն իսկ գոյութիւն ունեցող մարդասիրական նախաձեռնութիւնները, որ են ռազմագերիներու փոխանակման կամ հացահատիկի արտահանման նախաձեռնութիւնը եւ մանուկներու հայրենադարձութեան նախաձեռնութիւնը, որ կը փորձէ իրականացնել Կարդինալ Մաթթեօ Ծուփփին Քիեւ եւ Մոսկուա առաքելութիւններու ծիրէն ներս»։

Գերապայծառ Կալլակերը խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ այս պատերազմը «պէտք է դադարեցուի հնարաւորինս շուտ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2023, 09:00