Որոնել

Գերապայծառ Քլուատիօ Կուճերոթթի Գերապայծառ Քլուատիօ Կուճերոթթի 

Նորանշանակ կարդինալ Կուճերոթթին. «Կարդինալութիւնը ծանր պատասխանատուութիւն է, անիկայ փառքի համար չէ այլ արեան»

Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչ, գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճճերոթթիին «Վատիկան Նիւուզ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցը Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ կարդինալ նշանակուելու լուրին վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչ, գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճճերոթթի «Վատիկան Նիւուզ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանեց Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ կարդինալ անուանումը։

Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին մաս կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ յայտարարուած 21 նոր կարդինալներուն, որոնց տիտղոսի տուչութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 30 սեպտեմբերին, կարդինալական Ժողովի ընթացքին։

Ընթացիկ տարուան յունուար ամիս, արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ անուանուած գերապայծառ Կուճերոթթի եղած է մեծամասամբ արեւելեան քրիստոնեայ աւանդութեամբ տարբեր երկրիներու մէջ Պապական նուիրակ՝ 2002ին, Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ազէրպէտճեանի, 2011ին, Պիելոռուսիոյ, 2015-2020 տարիներուն Ուքրանիոյ մէջ, ապա Անգլիոյ մէջ։

Գերապայծառ Կուճերոթթի անակնկալի եկած է իմանալով կարդինալական տիտղոսի տուչութեան լուրը 

Հարցազրոյցի ընթացքին Գերապայծառ Կուճերոթթին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէս ընկալած է կարդինալ նշանակուելու Պապին յայտարարութիւնը նշեց, թէ ինք գրեթէ անսպասուած կերպով իմացած է կարդինալ դառնալու լուրը, որովհետեւ հետեւած չէր Պապին Մարեմեան աղօթքին խորհրդածութեան ու յանկարածակիօրէն հեռաձայններ ստացած է չգիտնալով անոնց պատճառը։ «Ինծի համար կարդինալ ըլլալը մեծ պատասխանատուութիւն է , ինչպէս նաեւ յատուկէն նշանակալից ու ծանր, որովհետեւ կարմիրը փառքի կարմիրը չէ արեան կարմիր է։ «Արիւն, որ շատ տեսած եմ իմ առաքելութեանը ընթացքին ՝շատ մը երկրիներուն մէջ, որպէս պապական նուիրակ», ըսաւ Ան։

Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հիմնուած նոր մարտիրոսներու յանձնաժողովը ի տես 2025ին, յոբելինական սուրբ տարուան։

Անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հիմնուած նոր մարտիրոսներու յանձանժողովին, գերապայծառ Կուճերոթթի բարձր գնահատեց այդ յանձնաժովին ստեծումը ըսելով, որ «Դա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ներիմացումի մը շարունակութիւն է, որ այն ժամանակ եկեղեցւոյ մէջ բերած է մեծ նորութիւն մը, իսկ այժմ աւելի արմատական առումով, մեզ կը տանի դէպի այդ միութիւնը, դէպի նահատակաութեան այդ հաղորդութիւնը, որ իսկապէս խորհուրդ մըն է, որ կը թաքնուի Աստուծոյ մէջ, որովհետեւ  կ՝անցնի եկեղեցիներու եւ կրօններու միջեւ եղած բոլոր սահմաններէն եւ պատնէշներէն անդին, ու այս պարագային բոլոր քրիստոնեայ դաւանաքներու միջեւ։

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը ու Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը խաղաղութեան ի սպաս։

Գերապայծառ Կուճերոթթի զրուցեց խաղաղութեան ի նպաստ, որպէս Պապին պատուիրակ Կարդինալ Ծուփփիին, Ուքրանիա եւ Ռուսիա կատարած այցելութեան նշելով, որ Ինք մանրամասնօրէն լայն տեղեկութիւններ չ՝ունի Կարդինալ Ծուփփիին կատարած առաքելութեան մասին, սակայն վստահ է, որ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին հմտութիւնն ու կարողութիւնը ու սիրելութիւնը պիտի դպչին սիրտերուն։Գերապայծառ Կուճերոթթին ընդգծեց, թէ այդ պատերազմին ետին կայ պատճառներու բարդութիւն մը, որոնց մասին արեւմուտքի մարդիկը յաճախ անտեղեակ են։ «Պատերազմի մասին բոլոր մեկնաբանութիւնները յաճախ չափազանց սահմանափակ են քանի անոնք լոկ ներկայի կը վերաբերին։ Արեւելքի մէջ այսօրը հասկնալու համար պէտք է հասկնալ երեկը, եթէ կ՝ուզես հասկնալ վաղը անհրաժեշտ է առ աւելիով այդ վաղը արմատաւորուած ըլլայ տեղի ունեցող իրողութիւններուն մէջ», ըսաւ գերպայծառ Կուճերոթթի աւլցնելով «Քահանայապետերուն քաղաքականութիւնը միշտ եղած է եւ կը մնայ յոյսէն վեր յոյսի քաղաքականութիւն։ Եւ Վատիկանի դիւանագիտութիւնը հաշիւներու դիւանագիտութիւն չէ այլ՝ հնարաւոր երազանքներու դիւանագիտութիւն է» ըսաւ Ան։

Պիելոռուսիոյ մէջ Budslau Տիրամօր հրաշագործ իքոնի թագադրութեան 25-րդ ամեակը

Գերապայծառ Կուճերոթթին խօսեցաւ վերջերս, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայացուցիչ, Պիելոռուսիոյ մէջ Budslau Տիրամօր հրաշագործ սրբապատկերի թագադրութեան 25-րդ ամեակին արարողութեան բերած իր մասնակցութեան մասին նշելով, որ իրեն համար այդ տօնակատարութիւնը յատուկ դաս մը եղաւ, ի տես այնքան ժողովրդական ջերմեռանդութեան, ուր տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ անտառներու, լիճերու եւ դժուար ճանպահներու ընդմէջէն ժամանեցին սրբավայր յուզուած աչքերով, Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութեան եւ իրենք զիրենք մոռցուած չգգալու մխիթարութեան համար։

Կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը

Գերապայածառ Կուճերոթթին անդրադառնալով Կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Սինոդի նախօրէին նշեց, թէ այդ արարողութիւնը կը յիշեցնէ մեզ նոր կարդինալներուս քալելու սինոդի եւ սինոդասականութեան ոգիով, որ կը կազմէ՝ եկեղեցւոյ որպէս հաղորդութեան բնոյթը։

Ֆրանչիսկոս Պապին Արեւելքի եւ Արեւմուտքի քրիստոնեաներու միջեւ լիակատար ներդաշնակութեան փափաքը

Խօսելով ապա Ֆրանչիսկոս Պապին Արեւելքի եւ Արեւմուտքի քրիստոնեաներու միջեւ լիակատար ներդաշնակութեան փափաքին Գերապայծառ Կուճերոթթի յարեց, որ վերջերս Եգիպտոսի Աղեքսանդրիոյ քաղաք գացած է, որպէս անդամ Օրթոտոքսներու եւ կաթողիկէներու միջեւ Աստուածաբանական խառն յանձնաժողովին վստահեցնելով, թէ անձնական մակարդակի առումով շատ լաւ միջավայր է, սակայն «Անձնական մօտիկութիւնը բան մըն է եւ պատմական կշիռները ուրիշ բան, որոնք կապուած են նաեւ այն իրադարձութիւններուն զարգացման հետ, որոնք բնութագրած են մեր յարաբերութիւնները։ «Անհրաժեշտ է, որ անձնական կապերու ուժը այնքան զօրաւոր եւ սիրով լի ըլլայ, խախտելու համար այդ բոլոր կշիռները, այն բոլոր աւելորդ բաները, որոնք արգելք կը դառնան  ողջագուրուելու հանրային մակարդակին վրայ այնպէս ինչպէս կը ողջագուրուինք անձնական կեանքին մէջ», Ըսաւ արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսուչը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2023, 12:49