Որոնել

Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի 

Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցիչ կը մեկնի Ուաշինկթըն

Կարդինալ Մաթթէ Ծուփփի Ուաշինկթընի մէջ կը շարունակէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ի նպաստ առաքելութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 17 յուլիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ 17էն-19 յուլիսին, Պոլոնիա թեմի արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի, ուղեկցութեամբ Պետական քարտուղարութենէն պաշտօնեայի մը, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցիչ կը մեկնի Ուաշինկթըն։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Կարդինալ Ծուփփիին այցելութիւնը տեղի կ՝ունենայ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան զարգացման առաքելութեան շրջագիծէն ներս ու այցելութեան նպատակն փոխանակել գաղափարներ եւ կարծիքներ ներկայ ողբերգական իրավիճակի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ աջակցիլ մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն, ամոքելու համար առաւել տուժած եւ առաւել դիւրաբեկ անձերուն տառապանքները, յատուկէն մանուկներունը, նշուած է սուրբ Աթոռին մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշենք, թէ Կարդինալ Ծուփփին, Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման, համար, որպէս միջնորդ առաքելութեան ծիրէն ներս, անցեալ 5էն 6 յունիսին նախ այցելեց Քիեւ ապա 28էն- 29 յունիսին Մոսկուա։

Անցեալ մայիս ամիս, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկութիւններ փոխանցեց Կարդինալ Ծուփփիին, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ յանձնուած առաքելութեան մասին, որուն վերաբերեալ Ֆրանչիսկոս Պապ նախապէս ակնարկած է Հունգարիայէն վերադարձի ժամանակ։

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիերթօ Փարոլինըա ապա անդրադառնալով Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին յանձնուած առաքելութեան, նշեց թէ այդ առաքելութիւնը չ՝ունի անմիջական նպատակ միջնորդութիւնը այլ նախ եւ առաջ փորձել նպաստել այնպիսի միջավայրերուն որոնք կարողութիւնը ունին առաջնորդելու դէպի խաղաղութեան ուղիներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2023, 12:10