Որոնել

Սպիտակ տուն Սպիտակ տուն 

ԱՄՆ-ի մէջ Պապական նուիրակ. «Կարդինալ Ծուփփիին առաքելութիւնը յոյս արթնցուց»

Միացեալ Նահանգներու մէջ Պապական նուիրակ, արքեպ. Քրիսթոֆ Փիեռ, «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցը Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին Միացեալ Նահանգներուն նախագահ Ճօ Պայտընի հետ ունեցած հանդիպումի մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ Նահանգներու մէջ Պապական նուիրակ, արքեպ. Քրիսթոֆ Փիեռ, «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցիչ, Միացեալ Նահանգներուն նախագահ ՃՕ Պայտընի հետ ունեցած հանդիպումի մասին։

Արքեպ. Քրիսթոֆ Փիեռ նշեց, թէ ինք կը կիսէ կարդինալ Ծուփփիին ու անոր առաքելութեան միեւնոյն տեսակէտը, որ է փնտռել ու պարգեւել խաղաղութեան հեռանկար՝ եկեղեցւոյ տեսակէտէն՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու մասնաւորապէս Սրբազան Հօր ներդրումը պատերազմի այս սարսափելի իրողութեան լուծման գործին մէջ», ըսաւ ԱՄՆի մէջ Պապական նուիրակը տեղեկացնելով որ երեկ Կարդինալ Ծուփփին հանդիպում ունեցած է Նախագահ Պայտընի հետ ինչպէս նաեւ կարգ մը պատգամաւորներուն հետ ու անոնց տեղեկութիւններ տուած է նախ եւ առաջ իր շօշափած գործերու մասին, Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ իր հանդիպումներուն մասին ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան կերտման կամքին նկատմամբ։

ԱՄՆ-ի մէջ Պապական նուիրակը նշեց, թէ Նախագահ Պայտըն ուշադրութեամբ ունկնդրած է ու իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Պապին նախաձեռնութեան եւ կարդինալ Ծուփփիին առաքելութեան համար։ Կարդինալ Ծուփփին շեշտած է այն փաստի վրայ, որ կաթողիկէ եկեղեցի կը փափաքի ներդրում կատարել, սակայն կարողութիւնը չ՝ունի բոլոր հարցերը անմիջապէս լուծելու գիտակից ըլլալով այդ պատերազմի բարդութեան։

Հետեւաբար Իտալիոյ համաւաք դասի նախագահը շեշտը դրած է մարդասիրական հարթակին վրայ, եւ Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքին վրայ՝ որեւէ ձեւով նպաստելու, մասնաւորապէս անչափահասներու իրավիճակին, այն անչափահասները, որոնք Ուքրանիայէն տարուած են Ռուսիա։

ԱՄՆ-ի մէջ Պապական նուիրակը նշեց, թէ Կարդինալ Ծուփփին ԱՄՆ.ի նախագահին յայտնեց, թէ աշխատանքը տակաւին նոր սկսած է ու ամէն տեղ բարի կամք գտած է՝ հարցերը լուծելու համար։  Կարդինալ Ծուփփիին ունեցած տարբեր հանդիպումներէն ի յայտ եկաւ, որ անձերը շատ զգայուն են խաղաղութեան հարթակին եւ պատրաստ են օգնելու։

Պատասխնաելով այն հարցումին, թէ Դիւանագիտական ծիրէն ներս ինչքան կարեւոր է սուրբ Աթոռի նպաստը դէպի խաղաղութեան ճանապարհ գտնելու ջանքերուն։

«ԱՄՆ ի պապական նուիրակը, նշեց թէ Սուրբ Աթոռը մաս կը կազմէ աշխարհին ու պատերազմին հետեւանքները սարսափելի են բոլոր բնակչութեան համար։ Մանուկներ, գաղթականներ եւ անձեր կը սպաննուին սարսափելի կացութեան պատճառաւ։ Եւ որպէս դիւանագէտներ կը գործենք քայլ առ քայլ։ Առաջին քայլը կը կատարենք երբ կարելի է ու այս բոլոր անցումներէն մին կարդինալ Ծուփփիին առաքելութիւնն է», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Պապական նուիրակ, արքեպ. Քրիսթոֆ Փիեռ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2023, 13:38