Որոնել

Քուրան Քուրան 

Սուրբ Աթոռը կը դատապարտէ կրօնական խորհրդանիշերուն եւ վայրերուն կործանումի ու պղծումի արարքները

ՄԱԿ-ի մօտ մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի ադամներուն 53-րդ նիստի ընթացքին, սուրբ Աթոռի Սուրբ Աթոռի մնայուն առաքելութեան գործերուն ժամանակաւոր յանձնակատար գերապայծառ Տավիտ Փութզերի ելոյթը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռը «Առաւելագոյն վճռականութեամբ» կը դատապարտէ կրօնային առարկաներու, խորհրդանիշներու, պաշտամունքի վայրերու դէմ պղծումի, կործանումի, յարգանք պակասի արարքները, նշած է Ճընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի անդամներուն սովորական նստաշրջանին, Սուրբ Աթոռի մնայուն առաքելութեան գործերուն ժամանակաւոր յանձնակատար, գերապայծառ Տավիտ Փութզեր, կրօնական ատելութեան կանխամտածուած եւ հրապարակային արարքներուն տագնապի աճի վերաբերեալ ժողովին ընթացքին, ի տես Եւրոպական կարգ մը երկիրներուն մէջ Քուրանի պղծումի ու յարգանքի պակասութեան արարքներուն։

Փաքիստանի խնդրանքին վրայ գումարուած ժողովին ընթացքին, Գերապայծառ Փութզեր իր ելոյթին մէջ յատուկէն անդրադարձ կատարած է վերջերս Շուէտի մէջ տեղի ունեցած դէպքին ուր ծագումով Իրաքցի ցուցարար մը, յունիս ամսուայ վերջաւորութեան, Սթոքհոլմի մէջ Իսլամներուն մզկիթի դիմած հրկիզած է Քուրան մը, դէպք մը որ դատապարտուած է ամէն աշխարհի մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապը նաեւ մեկնաբանելով Շուէտի մէջ Քորանի հրկիզման դէպքը, յայտնեց, որ «Ատիկա արտօնելը մերժելի եւ դատապարտելի է» աւելցնելով, որ խօսքի ազատութիւնը պէտք չէ ուրիշները վիրաւորելու համար իբրեւ պատրուակ օգտագործել: Ան այս մասին յայտնեց էմիրաթական «Իթթիհատ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:

ՄԱԿ-ի մօտ սուրբ աթոռի յանձնակատարը վերյիշելով Պապին խօսքերը, Քուրանի հրկիզման դէպքը դատապարտելէ անդին Սուրբ Աթոռին մտահոգութիւնը յայտնեց յայտնելով որ Ալ Ատհա մահմետկանաններու տօնէն մէկ օր առաջ Քուրանի հրկիզումը շատ մտահոգիչ է, որովհետեւ վարկաբեկուած է նաեւ այդ Սուրբ օրուան իմաստը։

«Կրօնական հաւատքը մարդու ճշմարտութեան, կեանքի իմաստի եւ որոնման արտայայտութիւնն է։ Առ այդ կրօնական դաւանանքները, աւանդութիւնները, սուրբ առարկաները դիտաւորեալ կերպով վիրաւորելը ոտնձգութիւն է հաւատացեալին մարդկային արժանապատուութեան դէմ», ըսաւ գերապայծառ Տավիտ Փութզեր։

Յայտնենք, թէ նիստի աւարտին, ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի անդամները որդեգրած են բանաձեւ մը, որուն մէջ դատապարտած են ու վճռականօրէն մերժած կրօնային ատելութեան որեւէ պաշտպանութիւնն ու ցոյց, ներառեալ Սուրբ Քուրանի պղծման վերջին հրապարակային եւ կանխամտածուած գործողութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2023, 10:39