Որոնել

2023.07.13 Incontri del Cardinal Parolin con il Primo Ministro e il Presidente dell'Armenia

Կարդինալ Փարոլինը Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ Վարչապետին ու Նախագահին հետ

Զրուցակիցները կարևորեցին բանակցութիւններու շարունակականութեան ապահովումը եւ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը։ Երկուստեք կարևորեցին Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար երաշխիքներու առկայութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Չորեքշաբթի` 12 Յուլիսին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը` որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի հերթական հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ Վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Երկրի նախագահ` Տիար Վահագն Խաչատուրեանի հետ։

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմին հրատարակած տեղեկութիւններու համաձայն «Պետքարտուղարն ու Վարչապետը ունեցած են առանձնազրոյց, այնուհետև բանակցութիւնները շարունակուած են ընդլայնուած կազմերով»:

Նիկոլ Փաշինեան այս առիթով ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ բարձր գնահատած է Ծիրանաւորի ներդրումը Հայաստանի և Վատիկանի յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ նշելով նաեւ, որ «Հայաստանի մէջ ջերմ կը յիշեն Ֆրանչիսկոս և Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետերու այցերը` 2001 և 2016 թուականներուն» ապա ընդգծեց, որ այս մէկը «Վատիկանի պետքարտուղարի առաջին այցն է Հայաստան» պատիւ նկատելով զայն ընդունիլը։

Կարդինալ Փարոլինը իր կարգին խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Վարչապետին հանդիպումին ու մտքեր փոխանակելու հնարաւորութեան համար։

Կարդինալ Փարոլինը Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ Վարչապետին ու Նախագահին հետ
Կարդինալ Փարոլինը Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ Վարչապետին ու Նախագահին հետ

«Շատ ուրախ եմ, որ Հայաստան կը գտնուիմ» ըսաւ ապա Ծիրանաւորը հաստատելով, որ «այս այցելութիւնը վստահաբար կնպաստէ փոխյարաբերութիւններու զարգացումին»։ Փարոլինը մատնանշեց նաեւ վերջերս տեղի ունեցած դրական փոփոխութեան` այն է Հայաստանի մէջ Առաքելական Նուիրակութեան գրասենեակին բացումը եւ Վատիկանի դեսպանի ներկայութիւնը»։

«Զրուցակիցները քննարկեցին ինչպէս երկկողմ յարաբերութիւններուն, այնպէս ալ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարելով Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետևանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խորացող ճգնաժամի մասին, եւ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ առկայ մարդասիրական հարցերու մասին, հուսկ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ ընթացող բանակցութիւններու մասին», նշուած է այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ուր նաեւ ակնարկուած է, որ «Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը յայտնած է Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը նպաստելու տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաև մարդասիրական խնդիրներու լուծման գործընթացին»:

/content/dam/vaticannews/multimedia/2023/07/13/38249.jpg
/content/dam/vaticannews/multimedia/2023/07/13/38249.jpg

Մինչ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական պալատի հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք թէ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան իր կարգին բարձր գնահատած է «երկարամեայ պատմութիւն ունեցող» Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները «հիմնուած այնպիսի արժէքներու վրայ, ինչպիսիք են քրիստոնէական արժէքները, խաղաղութիւնը, արդարութիւնը, մարդու իրաւունքները»:

«Մենք հաւատարիմ ենք խաղաղութեան հասնելու մեր յանձնառութեանը» ըսած է ի միջի այլոց նախագահը, շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրբ Աթոռի և Սրբազան Քահանայապետի ջանքերուն, յորդորներուն և աղօթքներուն համար՝ «ուղղուած մեր տարածաշրջանի մէջ երկարատև խաղաղութեան հաստատմանը»:

Իր Կարգին Վատիկանի ներկայացուցիչը «շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի նախագահին հիւրընկալութեան և ջերմ խօսքերուն համար» նկատել տալով, որ իրեն համար պատիւ է Հայաստան գտնուիլ:

Ծիրանաւորը յիշած է նաեւ թէ «այս երկօրեայ այցելութեան մեկնարկը տրուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ՝ զոհերու յիշատակը յարգելով: «Ես կարողացայ խորացնել (անշուշտ, նախապէս քաջատեղեակ էի) պատմական տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին հայ ժողովուրդին բաժին հասած այդ ողբերգութեանը» ըսաւ Ան:

Կարդինալ Փարոլինը Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ Վարչապետին ու Նախագահին հետ
Կարդինալ Փարոլինը Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ Վարչապետին ու Նախագահին հետ

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ աւելի քան 7 ամիս շարունակուող Լաչինի միջանցքի արգելափակման, որոնց կապակցութեամբ Նախագահ Խաչատուրեանը նշեց, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հայերու փաստացի մեկուսացումը ստեղծած է մարդասիրական ճգնաժամ»։

Սուրբ Աթոռի պետքարտուղարը ընդգծեց ապա տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւն և կայունութիւն ապահովելու, ինչպէս նաև կողմերու միջև վստահութեան մթնոլորտի ձևաւորման անհրաժեշտութիւնը:

Զրուցակիցները կարևորեցին բանակցութիւններու շարունակականութեան ապահովումը եւ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը։ Երկուստեք կարևորեցին Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար երաշխիքներու առկայութիւնը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2023, 08:52