Որոնել

UKRAINE-CRISIS/ZAPORIZHZHIA-IAEA

Անհրաժեշտ ու հնարաւոր է որ Աշխարհը ըլլայ առանց միջուկային զէնքի. Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը

Պետական Քարտուղարութեան Պետութիւններուն եւ Միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղարի տեղակալը մասնակցեց եւ ելոյթ ունեցաւ Վիեննայի մէջ Ադոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան 67րդ Ընդհանուր խորհրդաժողովին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Սուրբ Աթոռը չկասկածեր, որ առանց միջուկային զէնքի աշխարհ անհրաժեշտ է եւ հնարաւոր»։ Այս շեշտադրումը կատարեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան Պետութիւններուն եւ Միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղարի տեղակալ Գերապայծառ Տանիէլ Փաչոն երեկ՝ 27 Սեպտեմբերին, Վիեննայի մէջ ընթացող Ադոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան 67րդ Ընդհանուր խորհրդաժողովին ունեցած իր ելոյթի ընթացքին։ Այդ նպատակին հասնելու համար «կարևոր գործիք» է, ըստ Գերապայծառի, «Ադոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) անվտանգութեան վերահսկումը»:

Վատիկանի պաշտօնեան կեդրոնացաւ ապա տագնապ առաջացնող երեք թատերաբեմերու վրայ՝ Իրան, Հիւսիսային Քորէա եւ Ուքրանիա։

Ենթաքարտուղարը նախ Սուրբ Աթոռի ափսոսանքը յայտնեց Թեհրանի կողմէ «երկու տարի առաջ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրի ծիրէն ներս պարտաւորութիւններու կատարումը դադրեցնելու առնչութեամբ»՝ համոզմունք յայտնելով, որ անիկայ «լրջօրէն կը վտանգէ գործակալութեան վերահսկողական գործունութիւնը», եւ խրախուսեց, որ ՄԱԳԱՏԷն «շարունակէ իր յանձնառութիւնը Իրանի նկատմամբ»։

Գերապայծառ Փաչոյի անհանգստութիւնը եղաւ նաեւ Քորէային նկատմամբ եւ, այդ առնչութեամբ, Ան Սուրբ Աթոռի երախտագիտութիւնը յայտնեց «միջազգային հանրութեան շարունակական եւ համբերատար ջանքերուն համար՝ ուղղուած Քորէայի Ժողովրդական Ժողովրդավարական​​Հանրապետութեան միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելուն»:

Ուքրանիոյ հետ կապուած հարցի մասին Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչը հաստատեց ՄԱԳԱՏԷ-ի ջանքերուն շնորհիւ «Զափորիժիէի ատոմակայանի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու» անհրաժեշտութիւնը։

«Նման կարեւոր միջուկային ուժանիւթային ծրագիր ունեցող Երկիր երբեւէ ռազմական յարձակման թիրախ չէ եղած: (․․․) ՄԱԳԱՏԷն երբեւէ ստիպուած չէ եղած փորձագէտներու խումբ գործուղել (․․․) եւ աշխատիլ նման վտանգաւոր պայմաններու մէջ», ընդգծեց Ան եւ յոյս յայտնեց, որպէսզի «նոյնիսկ նման աննախադէպ իրավիճակներու մէջ հնարաւոր ըլլայ էական փոփոխութեան հասնիլ»։

Ի վերջոյ, Գերապայծառ Փաչոն նախազգուշացուց բոլոր երկիրներուն յիշելու իրենց «բարոյական պատասխանատուութիւնը՝ ուղղուած խաղաղութեան համար քաղաքական եւ տնտեսական հիմքեր կառուցելուն՝ աջակցելու համար մարդկային համապարփակ զարգացմանը եւ բոլոր ժողովուրդներու իրական յոյսերուն, որոնց առանցքը պէտք է կազմեն մարդկային արժանապատւութիւնը եւ հասարակաց բարօրութիւնը»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2023, 11:28