Որոնել

A picture and its story: Fleeing from Nagorno-Karabakh on the mountain road west

Լեռնային Ղարաբաղ. Քաղաքացիներու դէմ որեւէ նախայարձակում անընդունելի է. Միջազգային Քարիթաս

Caritas Internationalis-ը և Caritas Europa-ն կոչ կ՛ընեն բոլոր շահագրգիռ կողմերուն յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը և տեղահանուած անձանց երաշխաւորել իրաւունք եւ անվտանգութիւն իրենց ճանապարհորդութեան ընթացքին և անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերել անոնց ժամանումին:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մինչեւ այսօր` 28 սեպտեմբեր 2023ին, Լեռնային Ղարաբաղի վաթսուն հազար բնակիչներ բռնի տեղահանուած են Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ինը ամիսներու ամբողջ շրջանի շրջափակումէն ու անցեալ շաբաթ զինուորական յարձակումէն յետոյ։ «Քաղաքացիներու դէմ ցանկացած նախայարձակում անընդունելի է»։ Այս խօսքերը կը կարդանք Միջազգային Քարիթասին հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր Քարիթասի Ընդհանուր Քարտուղար Ալիսթէր Տութթոնը, ի միջի այլոց, կը հաստատէ` թէ «անոնք որոնք այս ճգնաժամէն փախուստ կու տան պէտք են ընդունիլ մարդասիրական պէտք եղած օգնութիւնը։ Տեղահանուածներու անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուի ու պէտք է նաեւ յարգուի անոնց իրաւունքը, ներառեալ անվտանգ տեղափոխութիւնը… անհատները պէտք է ազատ ըլլան մնալու իրենց տուներուն մէջ ու անոնք, որոնք բռնի տեղահանուեցան պէտք է կարողանան վերադառնալ իրենց տուները, եթէ այդ մէկը փափաքին»։

«Հայկական Քարիթասը ներկայ է շրջանին մէջ ու կը շարունակէ հետեւել իրադարձութիւններուն ու արդեն սկսած է իր գործունէութիւնը ի սպաս տեղահանուածներուն» նշուած է միշտ Միջազգային Քարիթասի հաղորդագրութեան մէջ ուր ընդգծուած է Հայկական Քարիթասին Հայաստանի տարածքին գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը ու կոչ ուղղուած է յատկապէս օգնութեան ձեռք մեկնելու այդ բարեսիրական կազմակերպութեան։

Caritas Internationalis-ը և Caritas Europa-ն կոչ կ՛ընեն բոլոր շահագրգիռ կողմերուն յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը և տեղահանուած անձանց երաշխաւորել իրաւունք եւ անվտանգութիւն իրենց ճանապարհորդութեան ընթացքին և անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերել անոնց ժամանումին:

«Հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղին մէջ պարենային խիստ անապահովութիւնը և ելեկտրականութեան և ջուրի հասանելիութեան բացակայութիւնը, կարևոր է լիարժէքօրէն ապահովել մարդասիրական արագ և անխոչընդոտ մուտքը և ազատ տեղաշարժը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ և անկէ դուրս» նշուած է միշտ Միջազգային Քարիթասի հաղորդագրութեան մէջ ապա կոչ ուղղուած է Եւրոմիութեան և ՄԱԿ-ին, «այս վճռորոշ պահուն ուժեղացնելու իրենց մարդասիրական աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի և Հայաստանի մէջ, առանձնայատուկ ուշադրութիւն և ֆինանսաւորում յատկացնելով տեղական մարդասիրական դերակատարներուն, որոնք ի վիճակի են արագ եւ արդիւնաւէտ արձագանքել ստեղծուած իրավիճակին և օգնել անոնց որոնք կարիքի մէջ են», ընդգծած է այս առիթով Հայկական Քարիթասի գործադիր տնօրէն Գագիկ Տարասեանը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2023, 15:31