Որոնել

Բնապահպանութիւնը Բնապահպանութիւնը 

Կը ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Պապին Laudate Deum - Աստուած Գովաբանեցէք» առաքելական յորդորագիրը

Աւելի քան 12 գրատուներէն ներս կը ներկայացուի ու հանրային ընթերցումը կը կատարուի, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին « Laudate Deum - Աստուած Գովաբանեցէք» առաքելական յորդորագիրին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 4 հոկտեմբերին, Իտալիոյ աւելի քան 12 գրատուներէն ներս կը ներկայացուի ու հանրային ընթերցումը կը կատարուի, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին « Laudate Deum - Աստուած Գովաբանեցէք» առաքելական յորդորագիրին։

Իտալիոյ տարբեր գրատուներէն ներս հանրային ընթերցումի՝ Վատիկանի գրատան նախաձեռնութեամբ միջոցառումին նպատակն է նպաստել առաքելական յորդորագիրին անմիջական իմացութեան, որ Ֆրանչիսկոս Պապ կը ներկայացնէ յատուկէն Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացի տօնին օրը, ինչպէս նաեւ հանրային կարծիքին՝ միասնաբար դիմագրաւելու համար կլիմայի ջերմութեան թեման։

«Մեծ սպասում կայ Ֆրանչիսկոս Պապին այս գիրքին համար, որ կապի մէջ դրաւ Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականին հետ, որուն մէջ Սրբազան Հայրը լիովին կ՝արտայայտէ թէ ինչ կը նշանակէ համապարփակ բնապահպանութիւն» նշեց Վատիկանի գրատունի պատասխանատու Տիար Լորենցօ Ֆացցինի աւելցնելով թէ հանրային ընթերցումի միջոցառումով Վատիկանի գրատան փափաքն է մեծ թիւով մարդոց թոյլ տալու անմիջական եւ անյապաղ մօտենալու Laudate Deum-ին, որ պիտի նշանաւորէ գալիք ժամանակներուն հանրային քննարկումները։ Բնապահպանութեան նիւթին այսօրուան խնդիրն է ։Ֆրանչիսկոս Պապ մեզ կը խրախուսէ խոկալու եւ գործելու ընդհանուր բարիքին համար

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2023, 14:03