Որոնել

2023.08.05 GMG Lisbona Volontari

2023 եւ 2024 տարիներու Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերուն թեմաները

2023-ի 38րդ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան բնաբանն է` «Յոյսի մէջ ուրախ» (տես Հռոմ 12.12) ծ 2024-ի 39րդ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան նիւթն է «Անոնք որոնք յոյս ունին Տիրոջ վրայ, կը քալեն առանց յոգնելու» (տես Ես 40.31)
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Վերատեսչութիւնը, այսօր 26 սեպտեմբեր 2023ին հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը հայող Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ընտրուած 2023 եւ 2024 տարիներու Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու թեմաներուն։

«Սրբազան Քահանայապետը ընտրեց Յիսուս Տիեզերքի թագաւոր տօնին առիթով, տեղական եկեղեցիներուն մէջ 2023ին եւ 2024ին նշուելիք Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրերու թեմաները, որոնք կը նախանշեն 2025ին նախատեսուած Երիտասարդներու Յոբելեանի նախապատրաստական ​​ուղին՝ «Յոյսի ուխտաւորներ» վերտառութեամբ մեծ Յոբելեանի ոլորտէն ներս» կը կարդանք հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ու նշուած է թէ.

- 2023-ի 38րդ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան բնաբանն է` «Յոյսի մէջ ուրախ» (տես Հռոմ 12.12)

- 2024-ի 39րդ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան նիւթն է «Անոնք որոնք յոյս ունին Տիրոջ վրայ, կը քալեն առանց յոգնելու» (տես Եսայի 40.31)

«Այսօրեայ մարդոց, ամենէն առաջ աղքատներու և բոլոր տառապողներու ուրախութիւններն ու յոյսերը, տխրութիւնն ու տագնապը նաև Քրիստոսի աշակերտներու ուրախութիւններն ու յոյսերն են, տխրութիւնն ու տագնապը», - ընդգծած էր 1965ին «Gaudium et spes» Հովուական Սահմանադրութիւնը։

Այսօրուայ դժուարին ժամանակներուն մէջ Եկեղեցին, ինչպէս և այդ ժամանակ, կը ցանկանայ աշխարհին մէջ յոյսը հրահրել եւ այս ընելու համար կ՛ապաւինի յատկապէս երիտասարդներուն, պատմութեան հերոսներուն և «ուրախութեան միսիոներներուն» կը կարդանք Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Մինչ «Christus vivit» յետսիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Քրիստոսը կը նշէր որպէս «մեր յոյսը և այս աշխարհի ամենագեղեցիկ երիտասարդութիւնը» (ChV 1): Այժմ, յառաջիկայ երկու ԵՀՕ թեմաներով, Նորին Սրբութիւնը երիտասարդները կը հրաւիրէ աւելիով խորանալու քրիստոնէական յոյսի իմաստին մէջ և ուրախութեամբ վկայելու, որ Քրիստոսը կենդանի է:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2023, 12:48