Որոնել

2023.09.25 Together - Raduno del Popolo di Dio - Veglia di preghiera ecumenica Logo IT

«Together» Աստուծոյ ժողովուրդին համախմբումը` Համամիութեան աղօթքի հսկումը Սուրբ Պետրոսի մէջ

Աղօթքի հսկումը առիթ պիտի հանդիսանայ Սուրբ Հոգիի հովանիին տակ դնելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին աշխատանքները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ մը ի սպաս. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն» խորագիրով 4 Հոկտեմբեր 2023ին Վատիկանի մէջ սկիզբ առնող Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր 16րդ հաւաքի նախօրէին շաբաթ` 30 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կազմակերպուած է համամիութենական աղօթքի հսկումի «Together» ձեռնարկը, զոր պիտի գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի ներկայութեան Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա, Քենթըրպուրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպիի եւ տարբեր այլ կաթողիկէ ու քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ տարբեր դաւանանքներու մաս կազմող հազարաւոր քրիստոնեայ հաւատացեալներ։

Աղօթքի հսկումը առիթ պիտի հանդիսանայ Սուրբ Հոգիի հովանիին տակ դնելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին աշխատանքները։

Քահանայապետին հրաւէրը

15 Յունուար 2023ի Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցուցած էր` որ «Դէպի քրիստոնեաներու միութեան ուղեւորութիւնը եւ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական դարձի ուղեւորութիւնը զօդուած են իրարու» եւ ասկէ մեկնելով յայտարարած էր` թէ «յառաջիկայ 30 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, պիտի կայանայ համամիութենական աղօթքի Հսկում մը, որով Աստուծոյ պիտի յանձնենք Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր սովորական ԺԶ հաւաքին աշխատանքները»։ Քահանայապետը ապա հրաւէր ուղղած էր քրիստոնեայ դաւանանքներու եղբայրներուն ու քոյրերուն «մասնակցելու Աստուծոյ Ժողովուրդի հանդիպումի այդ հաւաքին»։

«Together ՝ Աստծոյ ժողովրդին հաւաքը» խորագրով նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի ըլլալ, ունկնդրութեան, բաժնեկցութեան, եղբայրութեան, միասնութեան և խաղաղութեան ժամանակ։

Համամիութենական աղօթքի հսկումի գաղափարը

«Սիւնհոդոսէն առաջ Համամիութենական աղօթքի հսկում մը կազմակերպելը երազը եղած է Թեզէյի հասարակութեան Աբբահայր` Եղբայր Ալոյիսին ու ծնունդ առած է 2021ին եւ Թէզէյի հասարակութեան այս առաջարկը քննարկելէ ետքն է որ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը համաձայնութեամբ ու համագործակցութեամբ Քրիստոնեաներու Միութեան խթանումի Վերատեսչութեան, Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան ու Հռոմի Թեմին, որոշեցին այդ համամիութենական աղօթքը կազմակերպել Սիւնհոդոսի նախօրէին, ապա Ֆրանչիսկոս Պապը` որոշեց անձամբ նախագահել Աստուծոյ ժողովուրդին այդ համախմբումին»։

Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը

Աղօթքի Համամիութենական հսկումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն քրիստոնեայ այլ համայնքներու ու եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ` որոնց շարքին` Եկեղեցիներու 12 առաջնորդներ, որոնք հրաւիրուած են Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, ինչպէս Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա, Երուսաղէմի Պատրիարք Թէոֆիլօ Գ եւ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարք Թէոդորոս Բ, Քանթըրպուրիի Արքեպիսկոպոս` Ժասթին Ուելպի եւ այլք։

Հսկումի երկու մասերը

Աղօթքի Հսկումը բաժնուած է երկու մասերու. առաջինը` Գոհաբանութեան Նախահսկում` ժամը 17:00 էն 18:00` որուն առիթով շնորհակալութիւն պիտի յայտնուի ընկալուած պարգեւներուն համար. Միութեան ու սիւնհոդոսական ուղեւորութեան պարգեւը, միւսին պարգեւը, խաղաղութեան պարգեւը եւ Արարչագործութեան պարգեւը։ Տեղի պիտի ունենան Սուրբ Գրային ընթերցումները, փառաբանութեան աղօթքներ, երգերու ընդմիջումներ ու լռութեան պահեր, որպէս զօրեղ նշան եղբայրութեան, միութեան եւ խաղաղութեան։

Մինչ Եկեղեցիները կը տօնախմբեն Արարչագործութեան ժամանակը, այդ օր Սուրբ Պետրոս հրապարակը եւս պիտի դառնայ այգի, լի ծառերով ու բոյսերով։

Ժամը 18:00էն 19:10 անց տեղի կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ աղօթքի հսկումը, որուն բացումը կը կատարէ Սրբազան Պապը, որմէ ետքը նախատեսուած է Բարթողոմէոս Պատրիարքին աղօթքը, Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումը, երկու աղօթքներ արտասանուած քրիստոնեայ այլ դաւանանքներու երկու ներկայացուցիչներու կողմէ, որուն կը յաջորդէ Արքեպիսկոպոս Ուելպիին Հայր մեր աղօթքը հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

Հաւաքը կ՛աւարտի Ֆրանչիսկոս Պապին եւ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու Ղեկավարներու օրհնութեամբ ուղղուած Սիւնհոդոսի մասնակիցներուն ու միւս հաւատացեալներուն։

«Together» ձեռնարկը ուղղուած երիտասարդներուն եւ չափահասներուն

Աղօթքի հսկումին մեծ դեր պիտի ունենան նաեւ երիտասարդները։ Արդարեւ տարբեր երկիրներէն 18էն 35 տարեկան հազարաւոր երիտասարդներ պիտի ժամանեն Հռոմ ու պիտի մասնակցին աղօթքի համախմբումին, ինչպէս նաեւ Թէզէյի հասարակութեան կողմէ իրենց համար պատրաստուած եռօրեայ յատուկ յայտագիրին որուն ընթացքին կազմակերպուած են տարբեր նիւթերու շուրջ լսարաններ` ինչպէս զոր օրինակ ունկնդրել գաղթականները, խօսիլ անոնց փորձառութիւններու մասին, ծանօթանալ ու սորվիլ այլ դաւանանքներու ու կրօններու գիտելիքները, այցելել Հռոմի մէջ գործող միսիոներական կեդրոններ, մասնակցիլ համամիութենական նիւթին հայող կլոր սեղաններու եւ մտահոգուիլ արարչագործութեամբ։

Նոյն օրը` 30 սեպտեմբերին համայն աշխարհին մէջ եւս պիտի կազմակերպուին միասնական աղօթքի ձեռնարկներ։

Վերոնշեալ ձեռնարկին առիթով Հռոմի Թեմը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, որ Թեմին աւելի քան 80 ժողովրդապետութիւններ ու կրօնական հասարակութիւններ իրենց դռները բացած են հիւրընկալելու համար համայն աշխարհէն ու իտալիայի տարբեր շրջաններէն ժամանող 3000 հաւատացեալները` յատկապէս Լեհաստանէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Հունգարիայէն ու նաեւ Եգիպտոսէն, Վիեթնամէն, Քորէայէն, եւ Միացեալ Նահանգներէն….։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2023, 08:00