Որոնել

2023.10.04 Sinodo dei Vescovi - Congregazione Generale

Պաշտօնական սկիզբ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերուն

«Եկեղեցին Աստուծոյ Ժողովուրդն է, որ կը քալէ պատմութեան մէջ, Քրիստոսը ունենալով որպէս կեդրոն» հաստատեց Կարդինալ Հոլլէրիխը նշելով ի միջի այլոց թէ «կանչուած ենք սորվելու սիւնհոդոսականութեան քերականութիւնը» ի միտ ունենալով` որ «Սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ» իշխող ու ընդդիմադիր կուսակցութիւններու հակադրութիւններով, այլ «միասնական զատորոշում մը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 4 հոկտեմբերի յետմիջօրէին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ` ժամը 16,15 ին, պաշտօնապէս սկիզբ տրուեցաւ «Ի սպաս սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ. Հաղորդութիւն, Մասնակցութիւն եւ Առաքելութիւն» վերտառութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրով Եկեղեցւոյ Սիւնհոդսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու ԺԶ սովորական սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերուն, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ Հոկտեմբերի աւարտին եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն, երկիներէն ու թեմերէն 464 ժողովականներ, որոնցմէ 365-ը որպէս սիւնհոդոսի անդամներ։

Աշխատանքային նիստերու բացումը

Սիւնհոդոսի ընդհանուր առաջին հաւաքի բացումը սկսաւ Սիւնհոդոսի Նախագահի տեղակալներէն` Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Գերերջանիկ Իպրահիմ Ա Սիտրաքի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին ու ողջունելով բոլոր սիւնհոդոսականները, դիտել տուաւ թէ «Այս սիւնհոդոսին կեդրոնական բջիջը եղաւ «քալել միասին, ունկնդրել եւ զատորոշել Սուրբ Հոգիին պատուէրները, առանց ոչ մէկ նախատեսուած կամ պատրաստուած ուղեւորութիւն, միասնաբար բացայայտելով, օր ըստ օրին, կտրելիք ճամնապարհը»։

Կարդինալ Կրէքի զեկոյցը

Գերերջանիկ Սիտրաք Պատրիարքի ողջոյնի խօսքէն ետք Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն ապա Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէքը ժողովականներուն ներկայացուց սիւնհոդոսի գործընթացի մասին զեկոյց յայտնելով` որ «այսօր Եկեղեցին կը գտնուի անկիւնադարձի մը դիմաց ու հրատապ մարտահրաւէրուն բնոյթը աստուածաբանական կամ եկեղեցաբանական չէ, այլ թէ ինչպէս պատմութեան այս պահուն Եկեղեցին կարող է դառնալ Աստուծոյ սիրոյ նշանը ու գործիքը իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ համար»։

Ան նշեց նաեւ, որ այս աշխատանքային նիստը կանխող երկու տարուայ աշխատանքը թոյլ տուաւ որ «Համայն Եկեղեցին ու եկեղեցւոյ մէջ բոլորը առիթ ունենան մասնակցելու սիւնհոդոսական գործընթացին, իւրաքանչիւրը Քրիստոսի իրեն շնորհած պարգեւին համաձայն», այնպէս` որ, աւելցուց Ան իրականացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին տեսութիւնը` թէ «Սիւնհոդոսական Եկեղեցի մը ունկնդրութեան եկեղեցի է.... (Սիւնհոդոսի 50 ամեակին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին ճառ`17 հոկտեմբեր 2015)։

Կարդինալ Կրէքը ակնարկեց ապա թէ ինչպէս առաջին անգամն ըլլալով Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին ներկայ կը գտնուին նաեւ բացի եպիսկոպոսներէն, աշխարհական անդամներ, այրեր ու կիներ ու կրօնաւոր, կրօնաւորուհիներ, որոնք լիիրաւ իրաւունքով կը մասնակցին հաւաքին։

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը նշեց ապա թէ ներկաներէն եւ ոչ մէկը այնտեղ կը գտնուի անձնական հանգամանքով այլ բոլորն ալ ներկայ են շարունակելու համար հիմնական հարցումին ունկնդրութիւնը` այն է «Ի՞նչ քայլեր կ՛ուզէ` որ կատարենք Սուրբ Հոգին որպէս սիւնհոդոսական Եկեղեցի», քալելով միասին։

Կարդինալ Հոլլէրիխի խօսքը

Կարդինալ Կրէքի զեկոյցէն ետք խօսք առաւ Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլէրիխը, որ ակնարկեց Սրահի մէջ զետեղուած կլոր սեղաններուն հաստատելով թէ «Մենք նստած ենք ոչ թէ նուիրապետական կարգով, այլ կլոր սեղաններու շուրջ, որպէսզի խրախուսենք ճշմարիտ բաժնեկցութիւնը և իրական խորաթափանցութիւնը: Դահլիճը այսպէս կազմակերպուած է ոչ թէ գործնական նկատառումներով կամ Սիւնհոդոսի քարտուղարութեան որոշումով, այլ 2021 թուականին սկսած սիւնհոդոսական ճանապարհորդութեան մէջ Աստուծոյ ժողովուրդի փորձառութիւնը արտացոլելու համար: Նստատեղիներու դասաւորութիւնը եւ Աշխատանքային Թղթածրարը պատողն են այս սիւնհոդոսական փորձառութեան եւ մեզի կ՛օգնեն հասկանալու ճանապարհը, որուն միջոցաւ Աստուած կ՛ուզէ որ մենք ընթանանք»։

Կլոր սեղանները մեզի կը յիշեցնեն, որ մեզմէ ոչ մէկը Սիւնհոդոսին դերակատարն է, այլ Սուրբ Հոգին է միակ դերակատարը ու թէ մենք կարող ենք համապատասխանել մեր Սիւնհոդոսի անդամակցելու կոչումին միայն եթէ հլու ու հնազանդ տրամադիր ըլլանք թոյլ տալու որ Սուրբ Հոգին մեզ առաջնորդէ։

«Եկեղեցին Աստուծոյ Ժողովուրդն է որ կը քալէ պատմութեան մէջ Քրիստոսը ունենալով որպէս կեդրոն» հաստատեց հուսկ Կարդինալ Հոլլէրիխը նշելով ի միջի այլոց թէ «կանչուած ենք սորվելու սիւնհոդոսականութեան քերականութիւնը» ի միտ ունենալով որ «Սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ» իշխող ու ընդդիմադիր կուսակցութիւններու հակադրութիւններով, այլ «միասնական զատորոշում մը»։

Ան ապա բացատրութիւններ ներկայացուց աշխատանքի ձեւերու ու բաժանումներու մասին, ապա յոյս յայտնեց` որ այս մէկ ամիս տեւող աշխատանքի ընթացքին կարելի ըլլայ մշակել յաջորդ տարուայ համար ճանապարհային քարտէզ մը որ պիտի յանձնուի Ֆրանչիսկոս Պապին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2023, 17:38