Որոնել

«Աստուած Գովաբանեցէք» առաքելական յորդորագիրի ներկայացում «Աստուած Գովաբանեցէք» առաքելական յորդորագիրի ներկայացում 

«Աստուած Գովաբանեցէք» Ֆրանչիսկոս Պապին ճիչին կը միանան գիտնականներուն եւ ազդեցիկ անձանց ձայնը

Ֆրանչիսկոս Պապին «Աստուած Գովաբանեցէք» առաքելական յորդորագիրը ներկայացուեցաւ Վատիկանի պարտէզներուն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, «Աստուած Գովաբանեցէք» առաքելական յորդորորագիրը, մասնակցութեամբ Հասարակաց Տան պաշտպանութեան նուիրուած աշխարհի մէջ մշակութային, գիտական, քաղաքական, իրաւագիտական ոլորտէն ներս մասնագէտներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական յորդորագիրին ներկայացման ներկայ գտնուեցան եւ ելոյթ ունեցան Ֆիզիքայի Նոպելեան մրցանակիր, Փրոֆ Ճորճօ Փարիզի, գիտնական եւ բնապահպան Եանտանա Շիվա, Գրագէտ Սաֆրա Ժոնաթան Ֆոէր, քաղաքական գործօն անձնաւորութիւններէն Լուիս Մարի Նէյպաուր, Պէնուա Հալկանտ, ինչպէս նաեւ Լիպիաէն ներգաղթած Ժուպրան Ալի Մուհամմէտ։

Ֆիզիքայի Նոպելեան մրցանակիր Փրոֆ Ճորճօ Փարիզի իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց Ֆրանչիսկոս Պապին «Աստուած Փառաբանեցէք» յորդորագիրը զայն նկատելով հրամայական ու կիսելով քահանայապետին այն համոզմունքը, որ աշխարհի մէջ ամենէն շատ տկարներն են, որոնք կը տառապին կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքներէն, ողջունեց նաեւ թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդգծէ համաշխարհային ներգրաւուածութեան արդար եւ աջակցող ձեւով գործերուն շտապութիւնը»։

Փրոֆ Ճորճօ իր ելոյթի մէջ ընդգծեց, թէ հարուստ երկիրներն են որ պէտք են նպաստել աղքատ երկիրներու մէջ վերականգնուող ուժի աղբիւրներ ստեղծելու։ «Չենք կրնար ակնկալել, որ Ափրիկէի բնակչութիւնը աղբիւրներ ունենան  ջերմային համակարգեր կառուցելու համար», ըսաւ Փրոֆ Ճորճօ։

Լիպիաէն գաղթած Ժուպրան Ալի Մուհամմէտ իր ելոյթին մէջ զրուցեց Տէրնա քաղաքը քանդող Տանէլ մրրիկի մասին։

«Ամէն բան տեղի ունեցաւ, ոչ միայն կլիմայի պատճառով, այլ նաեւ այն պատճառով որ բնակարանները կառուցուած են ամբարտակի տակը, ու երբեք տեղի չէ ունեցած ,ոչ վերահսկողութիւն ոչ ալ խնամք, ըսաւ Լիպիացի Ժուպրան Ալի Մուհամմէտը, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին գաղթականներու ցուցաբերած մօտիկութեան համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2023, 11:23