Որոնել

Migranti: a Lampedusa 500 pronti a lasciare l'isola

Սուրբ Աթոռ. Հրատապ է համաշխարհային զօրակցութիւն տեղահանուածներուն նկատմամբ

ՄԱԿ-ի ՓԳՅ-ի 74-րդ գործադիր կոմիտէի ժողովի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան ղեկավար Գերապայծառ Փաքօ` խնդրած է անդրադառնալ ու դիմագրաւել տեղահանուածներուն բարդ իրավիճակը՝ շեշտը դնելով մարդկային արժանապատուութեան, եղբայրութեան և կեանքը պաշտպանելու պարտականութեան վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տեղահանուածներու ծանր իրավիճակը և համաշխարհային զօրակցութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը հանդիսացան Պետական ​​քարտուղարութեան Պետութիւններու և միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժնի բազմակողմ հատուածի ենթաքարտուղար, Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան ղեկավար Գերապ. Դանիէլ Փաքոյի ելոյթին առանցքը` ՄԱԿ-ի Փախստականներու Գերագոյն Յանձնակատարի 74-րդ գործադիր կոմիտէի ծրագրի ժողովին առիթով, որ տեղի ունեցաւ 9 Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ։

108 միլիոն անձինք տեղահանուած

Ան իր խօսքին սկիզբը ակնարկեց աշխարհի մէջ տիրող դժուար իրականութեան` ուր 108 միլիոն անձինք տեղահանուած են ուժի կիրառումով։ «Անոք թիւեր չեն այլ մարդ էականներ որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ պատմութիւն մը» յարեց ԱՆ մատնանշելով այդ բռնի տեղահանութեան պատճառներուն, որոնք են բռնութիւնները, պատերազմները, կլիմայական փոփոխութիւնները… իրավիճակ` զոր Ֆրանչիսկոս Պապ նկարագրած է` որպէս «մաս – մաս կատարուող Երրորդ Համաշխարհային Պատերազմ»։

Խթանել Մարդկային արժանապատւութիւնը

Գերապայծառ Փաքոն արտայայտեց Սուրբ Աթոռին մտահոգութիւնը ի տես հակամարտութիւններուն, հաստատելով` թէ անոնց ի յայտ կը դնեն պատերազմի անհեթեթութիւնը։ Վատիկանի ներկայացուցիչը ընդգծեց ապա հարկաւորութիւնը խթանելու մարդկային արժանապատուութիւնը նշելով` որ «փախստականները միայն օգնութիւններու հասցէատէրեր չեն այլ իրաւունքներու եւ պատասխանատուութեան սեփականատէրեր»։

Գերապայծառ Փաքոն ընդգծեց նաեւ հարկաւորութիւնը նայելու անմիջական, ժամանակաւոր տագնապէն անդին ու դիմելու երկարաժամկէտ լուծումներու երաշխաւորելով «ապաստան» խնդրողներուն իրաւունքները եւ այնպէս ընելով, որ Միջերկրականը քաղաքակրթութեան մը օրրանէն չի վերածուի արժանապատւութեան գերեզմանի։

Ասկէ մեկնելով ան կոչ ուղղեց եղբայրութեան ընդհանրական զգացումի մը` «առանց որուն կարելի չէ կառուցել աւելի արդար եւ մշակական խաղաղութեամբ ընկերութիւն մը» հաստատեց Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2023, 12:58