Որոնել

Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինի Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինի 

Կանայք, գաղթականները ու աղքատները, սիւնդհոսի աշխատանքի նիստերուն կեդրոնական նիւթերը

Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ եւ Սիւնհոդալ ժողովի տեղեկատուական յանձնաժողովի նախագահ, Փաոլօ Ռուֆֆինի ելոյթը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ եւ Սիւնհոդալ ժողովի տեղեկատուական յանձնաժողովի նախագահ, Փաոլօ Ռուֆֆինին` Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի մէջ եկեղեցւոյ նուիրուած սինոդին հետեւած իր երկրորդ ճեպազրոյցի ընթացքին ընդհանուր ակնարկ կատարեց 5 հոկտեմբերին, Պօղօս Զ դահլիճին մէջ փոքրիկ խմբակներու կողմէ քննարկուած նիւթերուն։

Հինգ հոկտեմբերին, Եկեղեցւոյ սիւնոդականութեան նուիրուած Սիւնոդի ընդհանուր ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 351 անդամներ, կազմուած 35 փոքրիկ խումբերէ։

Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան վերատեսչութեան Վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինիին զրոյցի համաձայն, ընդհանուր ժողովին քննարկումի նիւթը եղած են բոլորին կազմաւորումը՝ սկսեալ նորընծաներէն, քահանաներէն, աշխարականներէն կրօնուսուցիչներէն, կանանց դերակատարութիւնը, ձեռնադրուածներու եւ ոչ ձեռնադրուածներուն պաշտօնները, Սուրբ Հաղորդութեան կեդրոնացումը, աղքատներուն կարեւորութիւնը, որպէս ընտրանք եկեղեցւոյ, գաղթականներուն ողբերգութիւնը, սեռային չարաշահումներն ու քրիստոնեաները, որոնք կ՝ապրին դժուար կացութեան մէջ։

Երեկ կէսօրէ ետք, ըսաւ Տիար Ռուֆինին շարունակուեցաւ փոքրիկ խումբերու հանդիպումը, զոր երեկոյեան ամփոփեց իրենց քննարկած նիւթերուն առաջին մասը ու այս առաւօտեան նիստը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բաժնուեցաւ երկու պահերուն, առաջինը՝տարբեր խումբերուն զեկուցողներուն 18 զեկոյցներով, երկրորդ 22 միայնակ միջամտութեամբ։

Ընդհանուր ժողովին բոլոր անդամներուն փոխանցուեցաւ Իտալերէն, Սպասներէն եւ Անգլերէն լեզուով գիրք մը, որ կը պարունակէ երկու միջամտութիւններ, առաջինը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետինը, երկրորդ երբ Պապը կարդինալ էր, սրբութեան եւ կաշառակերութեան նիւթերու մասին։

Երկու նիստերու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է եկեղեւոյ մասին որ բոլորը ընկալող ընտանիք մընէ , համամիութիւնը եւ միջկրօնային երկխօսութիւնը, երիտասարդներուն ճանաչումը եւ կանանց մասնացկութեան կարեւորութիւնը։

Ժողովներու ընթացքին ընդգծուած է նաեւ ամէն բանէ մերկանալու կարեւորութիւնը, Քրիստոսի նմանելու համար, ըլլայ որպէս եկեղեցի, ըլլայ որպէս հաւատացեալներ «Այն ինչ որ չհամապատասխաներ աւետարանին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2023, 11:00