Որոնել

2023.10.02 Fraterna Domus - Sacrofano - Lodi

Սիւնհոդոսին մասնակցողները Հոգեւոր Կրթութեան մէջ

Հոգեւոր Կրթութեան խորհրդածութիւնները յանձնուած են Մայր Ինիացիա Անճելինիին եւ Հայր Թիմոթի Ռատքլիֆին ու կարելի է անոնց հետեւել Վատիկանի Լրատուամիջոցներու միջոցաւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ չորեքշաբթի 4 հոկտեմբերին սկիզբ առնող ««Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ մը ի սպաս. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն» խորագիրով Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու ԺԶ-րդ Սիւնհոդոսի մասնակցողները անցեալ շաբաթ օր` 30 սեպտեմբերի երեկոյեան, մասնակցելէ ետք Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Համամիութենական աղօթի հսկումին, փոխադրուեցան Հռոմի մօտակայքը գտնուող Սաքրոֆանօ քաղաքի «Fraterna Domus» կեդրոն` հետեւելու համար Սիւնոհոդսական Հաւաքը կանխող Հոգեւոր Կրթութեան, որ պիտի տեւէ մինչեւ վաղը` 3 հոկտեմբերի երեկոյեան։

Հոգեւոր Կրթութեան խորհրդածութիւնները յանձնուած են Մայր Ինիացիա Անճելինիին եւ Հայր Թիմոթի Ռատքլիֆին ու կարելի է անոնց հետեւել Վատիկանի Լրատուամիջոցներու միջոցաւ։

Հոգեւոր կրթութեան օրակարգը կը նախատեսէ առաւօտեան գոհաբանական աղօթք ժամը 8.45ին. որուն կը յաջորդէ առաջին խորհրդածութիւնը, ապա 9.30 եւ 11.30 այլ երկու խորհրդածութիւններ` լռութեան պահերու ընդմիջումով։ Կէսօրէն ետքը նախատեսուած են խմբային հաւաքներ ապա այլ խորհրդածութեան նիստ ու Սուրբ Պատարագ։

Չորեքշաբթի 4 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը Ինին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ Սուրբ Պատարագ, անցեալ 30 սեպտեմբերին Նորանշանակ Կարդինալներուն հետ միասին ու պաշտօնական բացում Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի սովորական ընդհանուր ժողովին, որուն կը մասնակցին կարդինալական դասին բոլոր անդամները ու Սիւնհոդոսին մասնակցող հայրերն ու աշխարհական անդամները։

Նոյն օրը` Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին առիթով, լոյս կը տեսնէ Ֆրանչիսկոս Պապին «Laudate Deum - Աստուած Գովաբանեցէք» վերտառութեամբ առաքելական յորդորագիրը, որ ամբողջացումն է «Laudato si' – Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական թուղթին։

Միշտ չորեքշաբթի օր կէսօրէն ետքը սկիզբ կ՛առնեն Սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը, որոնք պիտի տեւեն ու պիտի աւարտին 29 հոկտեմբերին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2023, 08:30