Որոնել

Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու ԺԶ-րդ Սիւնհոդոսը սկիզբ պիտի առնէ վաղը

հաւաքին կը մասնակցին 464 ժողովականներ որոնցմէ 365ը սիւնհոդոսին անդամներ են իսկ մնացեալը հիւրեր, եւ որոնցմէ 54-ը քուէարկելու իրաւունքով կիներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վաղը չորեքշաբթի 4 Հոկտեմբերին Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի ծիսական տօնին օրը, առաւօտեան ժամը ինին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով բացումը կը կատարուի սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ԺԶ Հաւաքին։

հաւաքին կը մասնակցին 464 ժողովականներ որոնցմէ 365ը սիւնհոդոսին անդամներ են իսկ մնացեալը հիւրեր, եւ որոնցմէ 54-ը քուէարկելու իրաւունքով կիներ։

Արդարեւ երկու տարի տեւած նախապատրաստական աշխատանքներէն ետքը, որոնց ընթացքին տեղի ունեցան սիւնհոդոսի տեղական եկեղեցիներու փուլը ապա տարածաշրջանային փուլերը, Սիւնհոդոսական աշխատանքային պաշտօնական նիստերը սկիզբ պիտի առնեն վաղը` յետմիջօրէի ժամը 4,15ին Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ու պիտի աւարտին 29 հոկտեմբերին։ Այս տարուայ նիստին պիտի յաջորդէ երկրորդ փուլ մը` որ տեղի պիտի ունենայ 2024-ի աշնան:

Սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերու բացումը կը կատարուի Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ ու անոր ժողովականներուն ուղղած պատգամով ապա Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղար եւ ընդհանուր Զեկուցողը կը ներկայացնեն իրենց զեկոյցները, որոնցմէ ետք սկիզբ կը տրուի Սիւնհոդոսական աշխատանքային Թղթածրարի քննարկումին։

Չորս շաբաթ տեւող սիւնհոդոսական նիստերու առընթեր նախատեսուած են նաեւ Վատիկանի Պարտէզներու մէջ Սուրբ Վարդարանի աղօթք եւ ուխտագնացութիւն մը։ Մինչ բոլոր ժողովականներուն պիտի յատկացուին «tablet»ներ որոնց միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ աշխատանքներուն, կարդալ փաստաթուղթերը ու նաեւ քուէարկել, խնայողութիւն կատարելով թուղթերու գործածութեան ու մսխումին։

Արդարեւ վաղը առաւօտեան, Սուրբ Պատարագէն ետքը, նախատեսուած է յատուկ կազմաւորումի նիստ մը` որուն ընթացքին ժողովականներուն պիտի բացատրուի «tablet»ներու գործածութեան ձեւերը։

Սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարը, որ կ՛ամփոփէ ամբողջ աշխարհի թեմերու վերջին երկու տարիներուն փորձը, կազմուած է բովանդակային բաժիններէ եւ տասնհինգ բացատրական թուղթերէ, որոնք կը բացայայտեն «Սիւնհոդոսականութեան բուն հայեցակարգի տեսլականը»:

Թղթածրարի երկու մեծ Ա. եւ Բ. բաժիններէն առաջինը՝ կ՛անդրադառնայ «Յանուն Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ» ճանապարհին վերջին երկու տարիներու կուտակուած փորձին. մինչ երկրորդը՝ կ՛ընդգծէ Սիւնհոդոսի ներկայ ժողովին երեք առաջնահերթ խնդիրները. «Հաղորդութիւն, Մասնակցութիւն եւ Առաքելութիւն»՝ երեք հիմնական նիւթերով. Աճիլ հաղորդութեան մէջ, ընդունելով բոլորին. Ճանչնալ եւ գնահատել իւրաքանչիւր մկրտուած անձի ներդրումը առաքելութեան մէջ. Բացայայտել կառավարման կառոյցներն ու շարժողականութիւնը ժամանակի ընթացքին:

Սիւնոհոդոսական նիստերը կը սկսին ընդհանրապէս առաւօտեան ժամը 8,45ին աղօթքով, ապա տեղի կ՛ունենան երկու նստաշրջաններ` առաջինը առաւօտեան ժամը 9էն 12,30 իսկ երկրորդը 16էն 19,15 անց։ Բացի ընդհանուր ժողովներէն Նախատեսուած են ապա լեզուային խումբերու փոքր հաւաքներ, որոնց ընթացքին կը քննարկուին աշխատանքային թղթածրարին մանրամասնութիւնները, որոնք ապա իւրաքանչիւր խումբի կողմէ կը ներկայացուին ընդհանուր Քարտուղարութեան։

Հաւաքին այս տարուայ փուլը կ՛եզրափակուի ինչպէս նշեցինք` յառաջիկայ 29 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ տեղի ունեցած պատարագով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2023, 11:24