Որոնել

Մամլոյ ասուլիս Մամլոյ ասուլիս 

Եկեղեցւոյ նուիրուած սիւնհոդոսին աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած պատերազմներու զոհերուն համար

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Փաուլօ Ռուֆֆինիին ներկայացուցած մամլոյ ասուլիսը, վեցերորդ ժողովի մասին
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի մէջ սկիզբ առած եկեղեցւոյ սիւնհոդասականութեան նուիրուած վեցերորդ ժողովին քննարկումի նիւթեր հանդիսացան Աշխարհի մէջ բռնկուած պատերազմները, աղքատութիւնը, սեռային չարաշահումը, սեռային ինքնութիւնը, այս մասին լուրը հաղորդեց Սիւնհոդոսի տեղեկատուութեան համար յանձնաժողովի նախագահ, Տիար Փաուլօ Ռուֆֆինին, Վատիկանի մէջ ներկայացուցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

«Կարգ մը աղքատներէ կազմուած փոքրիկ խումբ մը երեկ, Սանթա Մարթա տան մէջ Կարդինալ Քոնրատ Քրաեւսքիի ընկերակցութեամբ ճաշեցին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։ Անոնց եւս հարցուցինք, թէ ինչ կ՝ակնկալեն եկեղեցիէն ու անոնք պատասխանեցին «Սէր, լոկ սէր» ըսաւ Տիար Ռուֆֆինի։

Խաղաղութիւն եւ պատերազմներու մէջ տառապող ժողովուրդը

Սիւնհոդոսին իրենց մասնակցութիւնը բերին 339 անդամներ, որոնք Կարդինալ Մաթթէօ Զուփփիին նախագահութեամբ աղօթեցին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը հայցելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ի բարեխօսութիւնը, որուն յիշատակը կը նշուի այսօր՝ 11 հոկտեմբերին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովին։

Ակնարկելով ժողովներու եւ փոքրիկ խմբակներու միջեւ արծարծուած նիւթերուն Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Ռուֆֆինին նշեց, որ բազմաթիւ միջամտութիւններ շօշափուեցան խաղաղութեան եւ այն ժողովուրդներու մասին, որոնք կը տառապին պատերազմի մէջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ, թէ ինչպէս քրիստոնեաները կրնան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան նշան դառնալ աշխարհի մը մէջ, որ յատկանշուած է պատերազմներով եւ բռնութիւններով։

Տիար Ռուֆֆինին նշեց նաեւ թէ բազմաթիւ զօրաւոր կոչեր կատարուեցան պատերազմներով ծանրացած երկիրներու համար, ինչպէս նաեւ արեւելեան եկեղեցիներէն մէջ կարգ մը տառապանքներու համար։

Ժողովին ընթացքին բարձր շեշտուած է նաեւ է «Աղքատներուն ի նպաստ համեստ եկեղեցի մը ունենալու փափաքի կարեւորոթիւնը, որ կը ճամբորդէ եւ կը քալէ աղքատներու հետ»։

Գաղթականներու հարցը

Ինչ կը վերաբերի գաղթականներու հարցին, կարգ մը եպիսկոպոսները, օգնութիւն խնդրեցին կարգ մը տարբեր եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն,որոնք կը գտնուին աւելի լաւ կացութեան մէջ հիւրընկալութեան եւ համալրումի տեսակէտէն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2023, 11:01