Որոնել

2023.10.27 Sinodo dei Vescovi - Circoli Minori

Ժողովրդապետներու միջազգային հանդիպում Սինոդականութեան վերաբերեալ

«Սիւնհոդոսի համար ժողովրդապետներ» տիտղոսով՝ ժողովրդապետներու միջազգային հանդիպումի նպատակն է «ունկնդրել եւ արժէքաւորել իրենց համապատասխանող տեղական եկեղեցիներուն մէջ ապրած փորձառութիւնը ու անոնց հնարաւորութիւն տալ համընդհանուր մակարդակով փորձարկել սիւնոդասական աշխատանքին ուժականութիւնը»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 3 փետրուարին, Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ երեք հարիւր ժողովրդապետներ աղօթքի եւ զատորոշումի համաշխարհային հանդիպումի, նախաձեռնութեամբ Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարութեան եւ Կղերի Վերատեսչութեան, համաձայնութեամբ Աւետարանումի Վերատեսչութեան եւ Արեւելեան եկեղեցիներու Վերատեսչութեան։

«Սիւնհոդոսի համար ժողովրդապետներ» տիտղոսով, ժողովրդապետներու միջազգային հանդիպումի նպատակն է «ունկնդրել եւ արժէքաւորել իրենց համապատասխանող տեղական եկեղեցիներուն մէջ ապրուած փորձառութիւնը ու անոնց հնարաւորութիւն տալ համընդհանուր մակարդակով փորձարկել սիւնոդասական աշխատանքին ուժականութիւնը»։ ժողովրդապետներու միջազգային հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 28 ապրիլէն մինչեւ 2 մայիս, Հռոմի «Fraterna Domus»  կառոյցէն ներս ու Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ անոնց։

Սիւնհոդոսի ընդահանուր քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ սոյն նախաձեռնութիւնը կ՝արձականգէ 4-29 հոկտեմբեր 2023-ին, եպիսկոպոսերու սովորական ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն տուած ցուցմունքին, որոնք համադրուած զեկոյցին մէջ ընդգծեցին Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն գործօն ներգրաւման ուղիներուն մշակման անհրաժեշտութիւնը։

Հաւաքին մասնակիցները պիտի նշանակուին տեղական եկեղեցինրու Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու կողմէ ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու կողմէ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2024, 11:27