Որոնել

Կարդինալ Փարոլին հիւանդանոց այցելութեան ժամանակ Կարդինալ Փարոլին հիւանդանոց այցելութեան ժամանակ 

Կարդինալ Փարոլին. Ցաւալի է որ չկան բանակցութիւններու այլ հեռանկարներ

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ելոյթ ունեցաւ «Idi» Անարատ յղութեան մաշկաբանական հիւանդանոցի նոր բաժանմունքին բացումին ընթացքին ու հաստատեց, որ Պապը առողջ վիճակի մէջ է։ Նաւալնիի մահուան կապակցութեամբ, ընդգծեց թէ կարեւոր է յստակացնել թէ իսկապէս ինչ պատահած է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 26 փետրուարին, տեղի ունեցաւ Հռոմի «Idi» մաշկաբանական հիւանդանոցի ախտաճանաչողական պատկերներու համար նոր կեդրոնի բացումը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ու ելոյթ ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

Ելոյթին մէջ ծիրանաւորը անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական վիճակի, վերջերս Իտալիոյ Ֆիրէնցէ եւ Փիզա քաղաքներուն մէջ ցոյցի ընթացքին պատահած ոստիկանութեան եւ աշակերտներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն, Ուքրանիոյ մէջ բռնկուած պատերազմի եւ Պուրքինա Ֆազոյի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ յարձակումներու մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական վիճակը լաւ է 

Վատիկանի պետական քարտուղար նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը թեթեւ հարբուխի բռնուած էր, սակայն հիմա ապաքինուած ու առողջ վիճակի մէջ կը գտնուի, «որուն այս երեկոյ կ՝ուզէի այցելել՝ սակայն հոս կը գտնուիմ ու ունկնդրութիւնը չջնջուեցաւ, հետեւաբար կը նշանակէ, որ Ան առողջացած է եւ վերսկսած են իր բնականոն գործունէութիւնները, ըսաւ Կարդինալը։

Անդրադառնալով Ուքրանիոյ ներկայ իրավիճակին, կարդինալ Փարոլին յիշելով Կարդինալ Մաթթէօ Զուփփիին Քիեւ ըւ Մոսկուա կատարած այցելութիւնները՝ խթանելու համար խաղաղութեան ուղիներ դիտել տուաւ , որ անկէ զատ այժմ իրեն կը թուի, թէ չկան բանակցութեան այլ հեռանկարներ, ինչ որ շատ ցաւ կը պատճառէ իրեն։

Միջազգային գետնի վրայ, Վատիկանի Պետական քարտուղարը իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ Ալէքսէ Նաւալնիի մահուան վրայ, յոյժ կարեւոր նկատելով յստակացնելը, թէ իսկապէս ինչ պատահած էր։

Պուրքինա Ֆազոյին մէջ Քրիստոնեաներուն դէմ յարձակումները

Ի վերջոյ կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ Պուրքինա Ֆազոյի մէջ տիրած անորոշ վիճակին, ուր կիրակի օր սուրբ պատարագի ընթացքին սպաննուեցան 15 քրիստոնեաներ, մտահոգիչ նկատելով այն իրողութիւնը, որ ահաբեկիչները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են բազմաթիւ վայրեր ու բանակը ամէն ինչ կատարելով՝ Պետութեան վերահսկողութեան համար, տեղի ունեցած դրուագները կը փաստեն , թէ կացութիւնը ողբալի է, ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2024, 11:42