Որոնել

Համամիութենական եւ միջկրօնական առցանց հանդիպում Կանանց համաշխարհային Օրուայ առթիւ, 5 Մարտ 2024 Համամիութենական եւ միջկրօնական առցանց հանդիպում Կանանց համաշխարհային Օրուայ առթիւ, 5 Մարտ 2024 

Համամիութենական եւ միջկրօնական առցանց հանդիպում՝ Կանանց Օրուայ առթիւ

«Կանայք, որ խաղաղութեան սերմեր կը ցանեն եւ հանդիպում կը մշակեն», այս է Կաթողիկէ Կանանց կազմակերպութիւններու համաշխարհային միութեան կողմէ կազմակերպուած միջոցառումին բնաբանը, որ տեղի պիտի ունենայ համագործակցութեամբ Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան՝ յառաջիկայ 5 մարտին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կաթողիկէ Կանանց կազմակերպութիւններու համաշխարհային միութիւնը (Unione Mondiale delle Organizzazioni Femminili Cattoliche - UMOFC)՝ համագործակցութեամբ Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան, 2024 թուականի Կանանց համաշխարհային Օրը պիտի նշէ առցանց միջոցառումի միջոցաւ:

«Կանայք, որ խաղաղութեան սերմեր կը ցանեն եւ հանդիպում կը մշակեն» այս է այդ համամիութենական եւ միջկրօնական հանդիպումին բնաբանը, որ կը նախատեսուի յաջորդ երեքշաբթի՝ 5 Մարտին, Հռոմի ժամանակով ժամը 15:00էն 16:30ը:

Կանայք խաղաղութեան եւ երկխօսութեան կերտողներ՝ շնորհիւ իրենց ճկունութեան եւ լսելու ունակութեան

Այսօր աշխարհի մէջ ընթացող պատերազմական իրավիճակներէն ամենէ շատ տուժողները կանայք են, որոնք կ’ենթարկուին բազմաթիւ խտրականութիւններու։ Քաղաքական դրդապատճառներով կամ կլիմայական աղէտներով պայմանաւորուած հակամարտութիւնները յաճախ կանանց կը ձգեն մինակ` ստանձնելու ընտանիքի ղեկը։

Կրօնական տարբեր աւանդոյթներու հաւատացեալ կանանց նպատակն է անդրադառնալ խաղաղութեան եւ հանդիպումի մշակոյթ կառուցելու մէջ կանանց վճռական դերին եւ ընդգծել խաղաղութեան խթանման մէջ հաւաքական համապատասխանատուութիւնը։

Յիրաւի, միջոցառումի համար ներշնչանքի աղբիւր հանդիսացած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Խաղաղութեան համաշխարհային 56րդ Օրուայ պատգամին մէջ արտայայտուած խօսքերը, առ այն, որ․ «մեր ամենամեծ՝ թերեւս նաեւ ամենափխրուն գանձը մարդկային եղբայրութիւնն է, որ հիմնուած է աստուածային միասնական որդիութեան վրայ, եւ, որ ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին»։

Կանայք, ի մասնաւորի, ի վիճակի են խաղաղութեան եւ երկխօսութեան կերտողներ ըլլալ՝ շնորհիւ իրենց ճկունութեան եւ լսելու ունակութեան։

Ելոյթներ պիտի ունենան աշխարհի տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ

Միջոցառումին բացման խօսքով հանդէս պիտի գան Կարդինալ Միկէլ Անճել Այուզօ Կիսօ՝ Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, եւ Մոնիքա Սանթամարինա՝ UMOFC-ի Ընդհանուր նախագահ:

Հանդիպումը պիտի շարունակուի տարբեր կրօնական ծագում ունեցող բանախօսներու ելոյթներով, ապա պիտի եզրափակուի միջոցառումի հովանաւորներ՝ Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ եւ Հոլանտայի՝ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանուհիներու մեկնաբանութիւններով։

Նշենք թէ UMOFC 2019 թուականէն սկսեալ միջկրօնական կերպով կը նշէ Կանանց Համաշխարհային Օրը՝ համագործակցելով Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան հետ 2020 թուականէն: Ամէն տարի ընտրուած նիւթերը կ’արտացոլեն Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը՝ ի նպաստ միջկրօնական հեռապատկերի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2024, 11:47