Որոնել

2024.03.01 Biblioteca Apostolica Vaticana

Վատիկանի Մատենադարանի Քըրք Քըրքորեանի անուան ցուցասրահէն ներս բացուեցաւ «Յուշանուէրներ Բաբելոնէն» ցուցահանդէսը

Վատիկանի Առաքելական Գրադարանի ամերիկահայ ձեռնարկատիրոջ անունը կրող սրահին մէջ Մարտ 1էն մինչեւ Յունիս 22ը պիտի ցուցադրուի Գրադարանի ժառանգութեան եւ ժամանակակից արուեստի միջեւ երկխօսութեան նուիրուած ցուցահանդէսը՝ հինգերորդը 2021ին սրահի՝ այցելուներու առջեւ իր դռները բանալէն ետքը եւ այս անգամ ֆրանսացի Ալէն Ֆլեյշերի համադրութեամբ եւ աշխատանքով։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Վատիկանի Առաքելական Գրադարանի Քըրք Քըրքորեանի անուան ցուցասրահը 1 Մարտէն սկսեալ կը հիւրընկալէ «Յուշանուէրներ Բաբելոնէն» խորագիրով ցուցահանդէսը, հինգերորդը՝ նուիրուած Գրադարանի ժառանգութեան եւ ժամանակակից արուեստի միջեւ երկխօսութեան, որ այս անգամ ներկայացուած է ֆրանսացի Ալէն Ֆլեյշերի աշխատանքի միջոցաւ։ Անոր աւարտը նախատեսուած է Յունիս 22ին։

Այցելուները, որոնք մուտքին կը դիմաւորուին ցուցահանդէսի խորհրդանիշ ՝ Բաբելոնեան աշտարակի հսկայական լուսապատկերէն՝ կատարուած 1679 թուականին Աթանասիուս Քիրքերի կողմէ, հնարաւորութիւնը ունին լուսանկարներու եւ գիրքերու օգնութեամբ խորասուզուիլ այդ հետաքրքրական երկխօսութեան մէջ ։

Գրադարանի պատասխանատու Գերապայծառ Անճելօ Վինչենցօ Զանիի խօսքերով․ «Աստուածաշնչական այդ ցայտուն պատկերի լոյսի ներքոյ (Ծննդոց 11, 1-9) Ալէն Ֆլեյշերը՝ լուսանկարիչ, բեմադրիչ եւ գրող, կը հրաւիրէ այցելուները մտնել Վատիկանի Գրադարանի սրահները՝ որպէս մի նոր Բաբելոն, ուր միատեղուած են, ամենէ հեռաւոր ու փոքր բոլոր վկայութիւնները այն «խառնակութեան», որ Աստուած սահմանեց մարդկանց դէմ, որոնք կը փորձէին «անուն շինել» իրենց համար»։

Լուսանկարներու կարեւորութիւնը

Յուզիչ ցուցահանդէսը ուղեկցուած է Գրադարանի լուսանկարչական արխիւի գործընկերներու համագործակցութեամբ իրականացուած պատմագիտական ​​ աշխատանքով, որոնք ընդգծած են, որ ցուցահանդէսը իրենց յիշեցուցած է լուսանկարներու կարեւորութիւնը որպէս փաստաթուղթեր, որպէս «ճարտարապետութեան պատմական շերտաւորումի տեսողական արտայայտութիւնն» եւ «անգամ յիշողութեան բիւրեղացուած վայր», զոր, որպէս «թանկագին արժէք» պէտք է պահպանուի եւ փոխանցուի ապագայ սերունդներուն։

Քըրք Քըրքորեան ցուցասրահը

Վատիկանի Առաքելական գրադարանի Քըրք Քըրքորեանի անուան ցուցասրահը՝ հիմնուած ամերիկահայ մեծահարուստ ձեռնարկատիրոջ ժառանգներու հովանաւորութեամբ, իր դռները բացած է ժամանակակից արուեստի առջեւ 2021 թուականին։ Անոր հանդիսաւոր բացումին արարողութեանը՝ 5 Նոյեմբերին, մասնակցած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Վատիկանի «Belvedere» բակին նայող եւ միայն գիտնականներուն հասանելի այդ տարածքը, այդպիսով դարձած է «հանդիպումի մշակոյթին» աջակցելու մշտական վայր, քանի որ ինչպէս Նորին Սրբութիւնը կը շեշտէ «Մարդու սիրտը ոչ միայն հացի կարիք ունի, այլեւ մշակոյթի, որ կը դպչի հոգւոյն՝ մօտեցնելով մարդը իր խոր արժանապատւութեան», այս խօսքերը բացումի առիթով ըսած էր ներկայիս Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան, Վատիկանի Առաքելական Գրադարանի երբեմնի պատասխանատու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2024, 09:00