Որոնել

IRAN DEFENSE IRGC DRILL

Մեքենաները չեն կարող վերջին խօսքը ունենալ մարդկանց մասին․ Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտ

Ժընևի մէջ Արքեպիսկոպոս Էթթորէ Պալեսթրերոն ելոյթ ունեցած է 2024 թուականի Կառավարական փորձագէտներու խումբի՝ «Մահացու ինքնավար զէնքերու համակարգերու» ոլորտէն ներս նորայայտ արհեստագիտութիւններու վերաբերեալ քննարկումներու ընթացքին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Պատերազմն ունի «հիմնականօրէն անմարդկային բնոյթ» եւ «մարդու եւ մարդկային քաղաքակրթութեան կոչումին արժանի վերջնական նպատակը» անոր վերացումը պէտք է ըլլայ։ Սուրբ Աթոռի այս «վստահ համոզմունքը» պնդեց Ժընևի մէջ ՄԱԿի եւ մասնագիտացած հաստատութիւններու գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտ` Գերապ. Էթթորէ Պալեսթրերոն, որ 4 Մարտին ելոյթ ունեցաւ 2024 թուականի Կառավարական փորձագէտներու խումբի՝ «Մահացու ինքնավար զէնքերու համակարգերու» (Lethal Autonomous Weapon Systems - LAWS) ոլորտէն ներս նորայայտ արհեստագիտութիւններու վերաբերեալ կարծիքներու ընդհանուր փոխանակումի ընթացքին։

Առաքելական Նուիրակն իր խօսքն սկսաւ յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 2024 թուականի Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ պատգամին եւ մասնաւորապէս շեշտեց․ «Այսպէս կոչուած «Մահացու ինքնավար զէնքերու համակարգերու» ոլորտէն ներս զարգացող արհեստագիտութիւններու հետազօտութիւնները, ներառեալ արհեստական​​բանականութեան կիրառումը պատերազմներուն մէջ, բարոյագիտական մտահոգութեան լուրջ պատճառ կը հանդիսանան։ Քանի որ հակամարտութիւնները եւ բաժանումները կը շարունակեն ազդել մարդկութեան վրայ, սպառազինութիւններու ոլորտին առնչուող լուրջ բարոյագիտական հարցերէն խուսափիլ հնարաւոր չէ»:

Մեքենան, որքան ալ «խելացի» ըլլայ մեքենայ կը մնայ

Համաձայն Գերապ. Էթթորէ Պալեսթրերոյի «հարցի հրատապութիւնը կը մեծնայ զինուած անօդաչու թռչող սարքերու համատարած մշակման եւ օգտագործման հետեւանքով», ինչը յառաջացուցած է անոնց պատճառած աւերածութիւններու եւ կիրառումի պատասխանատուութեան նուազ ընկալում՝ պատերազմի հսկայական ողբերգութեան առջեւ առ աւելիով նպաստելով անտարբերութեան»։

Ան ապա շարունակեց՝ զգուշացնելով․ «ինքնավար սպառազինութեան համակարգերը չեն կարող համարուիլ բարոյապէս պատասխանատու ենթականեր»։ «Մարդ արարածն ունի բարոյական դատողութեան եւ բարոյագիտական որոշումներու եզակի կարողութիւն, զոր կարելի չէ կրկնօրինակել ալկորիթմներու միջոցաւ»: Մեքենաները, որքան ալ բարդ ըլլան, որքան ալ «խելացի» ըլլան՝ չեն կարող վերջին խօսքը ունենալ մարդու մասին։

Անձի արժանապատուութիւնը եւ խաղաղութեան մշակոյթը

Ասկէ մեկնելով՝ Գերապայծառ Պալեսթրերոն ընդգծեց, որ Սուրբ Աթոռի համար հրատապ է, որ Կառավարական փորձագէտներու խումբը աշխատի «յատկապէս զէնքի համակարգերու արգելքներու եւ կանոնակարգերու ոլորտէն ներս՝ ըստ ինքնավարութեան աստիճանի»՝ քննարկումներու առանցքին հաստատուն պահելով «մարդկային անձի արժանապատուութեան յղումը»:

Ի վերջոյ, Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը, նկատել տուաւ, որ «ինչպէս չարի ցանկացած ձեւ, պատերազմը կը ծագի մարդու սիրտէն», ուստի եզրակացուց ան՝ «իրական լուծումը դէպի խաղաղութեան մշակոյթ դարձն է, որպէսզի արհեստագիտական առաջընթացը ծառայէ մարդկութեան, մարդկային համապարփակ զարգացումին եւ հասարակաց բարօրութեան»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2024, 12:10