Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. Խուսափիլ ամէն ինչէն, որ կարող է հակամարտութիւն յառաջացնել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հարցազրոյցը լրագրողներուն հետ, Քահանայապետան Ուրպանիա համալսարանի մէջ կայացած համաժողովի ընթացքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական Ուրպանիա համալսարանին մէջ կայացած Եկեղեցական հաստութիւններուն առաքելական գործունէութիւններուն նուիրուած համագումարի ծիրէն ներս, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին մեկնաբանեց Իսրայէլի եւ Իրանի յարձակումներէն ետք, Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանի վերջին լուերը։

«Ինծի կը թուի, որ մինչեւ հիմա՝ չարին իմաստով ամէն ինչ լաւ ընթացաւ այն իմաստով, որ այն ինչէ որ կը վախնայինք, տեղի չ՝ունեցաւ. երկու կողմերը կը փորձեն չհրահրել, որ հակամարտութիւնը չ՝ընդլայնուի», նկատել տուաւ ծիրանաւորը։

Անդրադառնալով Ամերիկայի դիրքորոշման, որ կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Թել Աւիվին, եւ ոչ Իրանի դէմ հակայարձակման, կարդինալ Փարոլին վերահաստատեց, «անհրաժեշտ է հեռանալ այն բոլոր բաներէն եւ այնպէս ընել, որ իրավիճակը դուրս չկայ վերահսկողութենէն եւ ասիկա կ՝իրականայ երբ բոլորի կողմէ չկայ իրենց դիրքերը կողմնորոշելու պարտաւորութիւնը»։

Հռոմի Սափիենցա համալսարանի մէջ բռնութիւնը երբեք արդարացուած չէ

Կարդինալ Փարոլին պատասխանեց նաեւ Հռոմի Սափիէնցա համալսարանի ուսանողներուն կողմէ կազմակերպուած ցոյցերու ժամանակ վերջին բախումներու վերաբերեալ հարցին, որոնք կը խնդրեն Իսրաէլի հետ դադրեցնել ակադեմական համագործակցութիւնը, «Անձամբ որոշ դժուարութիւններ ունիմ հասկնալու այս արձագանգը։ Վստահ, իւրաքանչիւրը ունի արտայայտելու իր իրաւունքը, սակայն կը կարծեմ, որ անիկա պէտք է միշտ կատարել երկխօսութեան ձեւով, հաշուի առնելով նաեւ բոլորիս դիրքորոշումները ու պատճառները։ Վստահաբար ոչ մէկ դէպքով անիկա կ՝արդարացուիչէ։ Կը կարծեմ, որ այս մասին կարող է կատարել քննարկում, բայց խաղաղ քննարկում, եւ ողջամիտ քննարկում»։

Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի քննարկումի նիւթ եղաւ Վիժումի թեման, խորհրդատուներու մէջ կեանքի աջակցող յանձնաժողովներ ընդգրկելու առաջարկի հետ կապուած, առաջարկներ որ կը յառաջացնեն մի քանի հակասութիւններ, ու այս առումով կարինալ Փարոլին յարեց, «Մենք կողմնակից ենք կեանքին եւ ինչպէս նաեւ այն բոլոր միջոցներուն, որոնք թոյլ կու տան հաստատել կեանքի իրաւունքը, մասնաւորապէս այն կանանց համար, որոնք դժուարութեան մէջ կը գտնուին» ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2024, 14:39