Որոնել

Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր  (Terza Loggia)

Արք Կալլակեր. Յոյսի դիւանագիտութիւնը խաղաղութեան հիմնական գործիք

Այցելելով Մոնաքոյի իշխանութիւն, պետութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր հանդիպում ունեցաւ քահանաներուն, թեմական ծառայութեան պատասխանատուներուն, կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն հետ։ Արքեպիսկոպոսը կոչ ուղղեց միջերկրական ծովը «գերեզմանոց» չվերածելու

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մոնաքօ կատարած ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, արք Փոլ Ռիչար Կալլակեր, երեքշաբթի, 27 յունուաին, Մոնաքոյի արքեպիսկոպոսարանի «Ողորմութեան» անուան մատրան մէջ հանդիպում ունեցաւ քահանաներուն, թեմական ծառայութիւններուն պատասխանատուներուն, կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն հետ։

Արք կալլակեր երկօրեայ այցելութիւն կատարեց Մոնաքօ, ընդառաջելով Ալպէր Բ ի հրաւէրին, Սրբուհի Տեվոթայի ծիսական տօնին առթիւ։

Քահանաներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, արք Փոլ Ռիչար Կալլակեր ընդգծեց յոյսի կարեւորութիւնը 2025 յոբելեանին եւ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան կապակցութեամբ ու նկատել տուաւ, որ Սուրբ Տարին կը ներկայացնէ հոգեւորական պատասխան մը համաշխարհային տագնապներուն, ներառեալ շարունակուող հակամարտութիւնները, մարդասիրական արտակարգ իրավիճակները տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ, ինչպէս Ուքրանիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ։

Պետութիւններու եւ միջազգայի կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղարը դարձեալ կրկնեց, որ կրօնական ազատութիւնը հիմնարար իրաւունք է իսկական խաղաղութեան համար ու դատապարտեց ողջ աշխարհի մէջ քրիստոնեաներուն կրած անարդարութիւնները, Ան ապա ընդգծեց միջերկրական ծովը գերեզմանի չվերածելու կարեւորութիւնը ու կոչ ուղղեց յարգանքով ընդունելու գաղթականները, համագործակցելով անոնց ծագումի երկիրներուն հետ։

Արք Կալլակեր զրուցեց ընդհանուր բարօրութիւնը խթանելու կարեւորութեան մասին ու նախանշեց շօշափելի գործողութիւններ, ինչպէս աղքատ երկիրներուն արտաքին պարտքի չեղարկում եւ արդար բնապահպանութեան անցում։

Արք Կալլակեր պաշտպանեց «հանդիպումի մշակոյթի» գաղափարը, որ կը դիւրացնէ հակամարտողներու միջեւ երկխօսութիւնը՝ նպատակ ունենալով կառուցել արդար եւ կայուն խաղաղութիւն, հիմնուած ճշմարտութեան, ներողամտութեան, ազատութեան եւ արդարութեան վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2025, 12:20