Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին  (Ministre des Affaires étangères)

Կարդինալ Փարոլին. Անհրաժեշտ է զարգացող աշխարհականութիւն

Կարդինալ Փարոլին Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ դասախօսութեան մը, որ նուիրուած է 1924 թուականին կայացած Poincaré-Cerretti ի համագումարին հարիւրամեակին նուիրուած դասխօսութեան

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, 15 եւ 16 յունուարին այցելեց Փարիզ մասնակցելով Quai d’Orsay ի մէջ կայացած համաժողովին, որ նուիրուած է 1924 թուականին Poincaré-Cerretti ի համագումարին հարիւրամեակին, զոր հաստատեց Ֆրանսայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրաւական վիճակը։ Ծիրանաւորը, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին եւ եկեղեցւոյ այլ գործիչներուն հետ ընդգծեց այդ համաձայնութեան կարեւորութիւնը, որ վերջ դրաւ Ֆրանսայի հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկու տասնամեակներուն լարուածութիւններուն եւ թոյլ տուաւ թեմական ընկերակցութիւններ հիմնել՝ եպիսկոպոսներուն իշխանութեան ներքոյ։

Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ աշխարհականութեան հարցին հաստատելով՝ որ թէեւ այդ սկզբունքը քննարկումի ենթակայ չէ, անոր կիրարկումը կրնան մտահոգութիւններ յառաջացնել, յատկապէս տարբեր մշակութային եւ կրօնական ծագում ունեցող անձերուն ժամանումին հետ կապուած։

Կարդինալը յիշեցուց եղբայրութեան կարեւորութիւնը, խիղճի ազատութեան եւ հաւասարութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար, մաղթելով յարգանքով եւ հաւասարութեամբ վերաբերիլ Կաթողիկէութեան ու այլ կրօններու հետ՝ 1905ին օրէնքին եւ Ֆրանսայի սահմանադրութեան համապատասխան։

Կարդինալ Փարոլին ապա յիշեց վերջերս Նոթր Տամ մայր Տաճարի վերաբացումը, ընդգծելով թէ ինչպէս այս իրադարձութիւնը շնորհքի եւ հաղորդութեան պահ նուիրեց Ֆրանսայի եւ Եւրոպային համար, մաղթելով որ Ֆրանսայի եւ Եկեղեցւոյ միջեւ պահպանուի կառուցողական յարաբերութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2025, 12:57