Որոնել

Վատիկանի Թանգարանները Վատիկանի Թանգարանները 

Յոբելինական Տարի. Վատիկանի Թանգարաններէն ներս սկսան «Յոյսի ուխտաւորներ» այցելութիւնները։

Վատիկանի Թանգարանները նաեւ պատրաստութեան մէջ են ողջունելու համար բազմաթիւ ուխտաւորներ, որոնք 2025 թուականի յոբելեանին Հռոմ կը ժամանեն ու կը փափաքին իրենց ճամբորդութեան մէջ ներառել Քահանայապետական հաւաքածոներուն եւ Սիքստինեան մատրան այցելութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Թանգարանները նաեւ պատրաստութեան մէջ են ողջունելու համար բազմաթիւ ուխտաւորներ, որոնք 2025 թուականի յոբելեանին Հռոմ կը ժամանեն ու կը փափաքին իրենց ճամբորդութեան մէջ ներառել Քահանայապետական հաւաքածոներուն եւ Սիքստինեան մատրան այցելութիւնը։

«Ողջունելով այցելուներու մեծ հոսքը, որոնք պիտի դիմաւորուին աւելի արագ եւ անվտանգ մուտքի միջոցներու համաձայն կը փափաքինք առաջարկել վաւերական եւ հոգեւոր բարձր փորձառութիւն մը՝ արուեստի, հաւատքի, եւ գեղեցկութեան, պատմական գեղարուեստական երթուղիներով» այս մասին յայտնեց Վատիկանի Թանգարաններուն տնօրէն Պարպարա Ժաթա ու փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապի յորդորը, որպէսզի իւրաքանչիւր հիւր գլուխ գործոցներու մէջ գտնեն ոչ միայն գեղագիտական թանգարանային հարստութիւնները, այլ նաեւ հոգիի, սիրտի, խոր հաղորդութիւն։

Վատիկանի Թանգարաններուն տնօրէնը հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց թէ Ոգեշնչուելով յոբելենական Սուրբ Տարուան յոյսի ուխտաւորներ կարգախօսէն, Վատիկանի Թանգարանները, 20 յունուար 2025էն սկսեալ եւ բոլոր տարուան համար կառաջարկեն նոր տեսակի ուղեկցուած այցելութիւնը՝ «յոյսի ուխտաւորներ», բացայայտելու համար Պապին թանգարաններու գլուխ գործոցներու մէջ յոյսի բազմաթիւ նշաններ» վկայութիւններ եւ խորհրդանիշները։

Այս առաջարկը բաց է բոլորին, նաեւ ընտանիքներուն ու անոնց զաւակներուն տարբեր լեզուներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2025, 11:28